
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պօղազիչի համալսարանի եռօրեայ համագումարի մասնակիցներուն կարգին էին եւ շատ հետաքրքրական զեկուցումներ ունեցան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն Արտա եւ Տորիս Մելքոնեան քոյրերը, որոնք խօսեցան բռնի ուժով կամ մահէն փրկուելու նպատակով իսլամներու հետ ամուսնացած հայուհիներու ողբերգական պատմութեան մասին՝ նշելով, որ այդ կիները, այդ կերպով, դարձան Հայկական Ցեղասպանութեան յուշագրութիւնը՝ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը։
Լրագրող Չիչեք Թահաօղլու, Մելքոնեան քոյրերուն հետ երկարաշունչ տեսակցութիւն մը ունեցած է՝ «Պիանեթ» լրատուական կայքին համար։
Քոյրերը նախ կը պատմեն իրենց ընտանիքին պատմութիւնը, որ կը սկսի իրեց մեծ հօրմով՝ Նաթանով։ Նաթան տասը տարեկան էր տեղահանութեան ընթացքին ու երեխայ ըլլալով՝ փրկուած է մահէն, ապա ապրած է թշուառ կեանք մը, մինչեւ որ կրցած է հասնիլ Պէյրութ, ուր սկսած է աշխատելու։
Մելքոնեան քոյրերը մասնաւորաբար կը ծանրանան իսլամներու հետ ամուսնացած հայ կիներու կեանքին եւ անոնց կատարած առաքելութեանց վրայ։ Այս ամուսնութիւնները կը կատարուէին ընդհանրապէս, իբրեւ ապրելու միակ միջոց։ Անոնք այս կերպով ո՛չ միայն իրենց, այլ նաեւ իրենց ընտանիքի միւս անդամներուն կեանքը կը փրկէին։
Մելքոնեան քոյրերը կը յիշեցնեն, որ ընկերութեան մէջ ընդհանրապէս կիները կը մեկուսացուին եւ ձուլման կ՛ենթարկուին, մինչ այրերը կը սպաննուին, որովհետեւ կը կարծուի, թէ այրերը չեն ձուլուիր։ Ընդհանրապէս հայ կիներն են, որոնք ամուսնացած են թուրք այրերու հետ. շատ քիչ հայ այր մարդ ամուսնացած է թուրք կնոջ հետ։
Մելքոնեան քոյրերը կը խօսին նաեւ այսպիսի ամուսնութիւններէ ծնունդ առնող զաւակներուն մասին, որոնց ինքնութիւնը եւ ապագան հարցեր կը ստեղծեն ընտանիքներուն համար։ Իսկ իսլամացած կիները ինչպիսի՞ տեղ կը գրաւէին իսլամներու ընկերութենէն ներս։ Ասոր դժուար է պատասխանել, որովհետեւ շատեր այս մասին լռութիւն պահած են եւ արձանագրուած վկայութիւններ չեն ունեցած։ Բայց յայտնի է, որ անոնցմէ ոմանք գաղտնօրէն իրենց կրօնական սովորութիւններն ու աղօթքները պահած են ու միայն արտաքնապէս եղած են իսլամ։ Իսկ տեղահանուած հայերէն անոնք, որոնք կրցած են Սուրիա, Լիբանան կամ Իրաք երթալ, կրցած են փոխադրել Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը եւ յանձնել ապագայ սերունդներուն:
Մելքոնեան քոյրերը նաեւ կը յիշեցնեն, որ հիմա շատերը Թուրքիոյ մէջ սկսած են խօսելու իսլամացած հայերուն մասին եւ այս դուռը առաջին անգամ բացուեցաւ, երբ Ֆեթհիյէ Չեթին իր գիրքով հրապարակեց, թէ իր մեծ մայրը հայ էր։ Սփիւռքը, անշուշտ գիտէր, որ իսլամացած հայեր կան, բայց այդ մասին յստակ տուեալներ կը պակսէին, քանի որ այդ իսլամացած կիներու այսօրուան ժառանգորդները կը լռէին եւ կը մերժէին խօսիլ այդ մասին։ Իսկ այս համագումարով երկխօսութիւն մը սկսած կը նկատուի։
«Շատ տպաւորիչ էր այն, որ ամէն օր մօտաւորապէս 500 հոգի հետեւեցաւ այս համագումարի նիստերուն», եզրակացուցած են քոյրերը: