ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Մշակութային ամսուան ձեռնարկներու շարքին իր համեստ բաժինը բերաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող Կլենտէյլի ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղը։ Մասնաճիւղի մշակոյթային ձեռնարկի յանձնախումբին կազմակերպած նախաճաշը, որ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան սրահին մէջ, համեստ բաժին բերաւ հայ մշակոյթի արժէքներու պահպանման գործին մէջ:
Մասնաճիւղի փոխատենապետուհի Սոնա Գիզիրեան բացումը կատարեց ընկերային սոյն հանդիպման եւ կեդրոնանալով ՀՕՄի շուրջ համախմբուած հայուհիներու կամաւոր աշխատանքին ու նուիրումին, ինչպէս նաեւ հայ մօր պարտաւորութիւններուն եւ առաքելութեան վրայ՝ շեշտեց հայ վարժարանին մէջ հայակերտումի նուիրական աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը։ Ապա, որպէս օրուան պատգամ, արտասանեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» բանաստեղծութիւնը:
Յայտագիրը վարեց վարչութեան ատենապետուհի Քրիստին Յովնանեանը, որ ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերող երգչուհի Ռիմա Կարապետեանը։ Երգչուհին իր հոգեզմայլ ձայնով կատարեց երեք ժողովրդային երգեր։ Ապա ատենապետուհին ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ Պիանգա Մանուկեանը, կենսագրական գիծերը եւ բեմ հրաւիրեց զայն՝ ներկայացնելու «ՀՕՄի դերը հայ մշակոյթի զարգացման ընթացքին» նիւթը:
Բանախօսը նախ հաստատեց այն իրողութիւնը, թէ հակառակ ցեղասպան թուրքին ոճրային ծրագիրին եւ միլիոնաւոր հայեր ջարդելով հայ ժողովուրդը բնաջնջելու անոր հրեշային արարքին, հայը ապրեցաւ Եղեռնէն ետք, հայը տարտղնուեցաւ աշխարհով մէկ՝ Սուրիա, Լիբանան, Ֆրանսա, Իրաք, Պարսկաստան, Եգիպտոս եւ այլուր, սակայն հայ կինը ճիգ չխնայեց վերականգնելու հայ ընտանիքը ու տէր կանգնելու անոր բարոյական ու տնտեսական կարիքներուն։
Բանախօսը հանգամանօրէն ներկայացուց հայ կինը, որ իր մասնակցութիւնը բերելով հայկական միութենական եւ ընկերային կեանքին՝ իր կարեւոր նպաստը բերաւ նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ գաղութներու կազմաւորման մէջ։ Ապա բանախօսը իր խօսքը ուղղեց դէպի ներկան՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայ գաղութի կազմաւորման։ Ըստ անոր՝ հո՛ս է, որ հայ կինը դարձած է ինքնասէր, որովհետեւ իր զաւակը առաջնորդած է օտար վարժարան, ինչ որ կը նշանակէ՝ հեռանալ սեփական լեզուէն, բարքերէն։ Ապա բանախօսը փոխանցեց որոշ թելադրանքներ, որոնք կը պահանջեն յաւելեալ յանձնառութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել հայ ընտանիքին նկարագիրը՝ նոր սերունդները մղելով ազգային գիտակցութեան:
Քրիստին Յովնանեան ապա հաճոյքով հրաւիրեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանը, փոխանցելու իր սրտի խօսքը։ Լենա Պօզոյեանը գնահատեց «Սիփան» մասնաճիւղին կազմակերպած հադիպումը եւ բանախօսի ընտրութիւնը՝ մայր մը, որ իր այսօրուան խօսքը արդէն իսկ գործի վերածած է՝ իր զաւակներուն հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ջամբելով։ Ատենապետուհին նաեւ պատգամ յղեց առողջ հոգի եւ սիրտ ունեցող զաւակներ պարգեւելու ազգին։ Ան ծանրացաւ ընտանեկան կառոյցին մէջ հօր եւ մօր առաքելութեան վրայ, որով կարելի պիտի ըլլայ ունենալ հայկական աւանդութեանց հետեւողութեամբ ընտանիք մը, եւ շեշտեց արդի օտարամուտ բարքերէ հեռու մնալու անհրաժեշտութիւնը։ Ապա անդրադարձաւ ՀՕՄի մասնաճիւղերու գործունէութեանց ու անոնց կից գործող Շաբաթօրեայ վարժարաններու դերին ու նշանակութեան՝ որպէս հայ աշակերտին հայեցի կրթութիւն փոխանցելու լաւագոյն աղբիւր:
Ռոզաննա Ուլիկեանը, շարունակելով գեղարուեստական յայտագիրը, իր յոյզերը փոխանցեց ներկաներուն՝ արտասանելով Յովհ. Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Գէորգ Էմինի ստեղծագործութիւններէն ընտրուած հատուածներ, ունկնդիրները տեղափոխելով հայրենի աշխարհ։
Քրիստին Յովնանեան պատշաճօրէն հրաւիրեց 2012-2013 տարեշրջանի ընթացաւարտ երեք ընկերուհիներ՝ Էմմա Սալմասեան, Անուշ Ն. Աւագեան եւ Ռոզաննա Ուլիկեան, ու գնահատեց անոնց նուիրեալ կամաւոր աշխատանքը՝ յուշանուէրներով պատուելով զանոնք։
Շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսքերով, ատենապետուհին յուշանուէր յանձնեց նաեւ ձեռնարկի հովանաւոր Արմինէ Ասլանին, ինչպէս նաեւ ծաղկեփունջով պատուեց օրուան բանախօսն ու երգչուհին: Ապա հրաւիրեց վարչութեան եւ մշակոյթի ձեռնարկի յանձնախումբի ընկերուհիները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ իրենց միասնական ու ժրաջան աշխատանքին համար։ Շնորհակալութեան խօսքեր յղեց նաեւ «Սիփան» մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիներուն:
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով՝ երգչուհի Ռիմա Պօղոսեանի կատարողութեամբ եւ ներկաներու յոտնկայս մասնակցութեամբ։
Վարչութեան եւ մշակոյթի յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած ճաշի հիւրասիրութեամբ ստեղծուեցաւ ընտանեկան մտերմիկ մթնոլորտ մը եւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։
Հին օրերու շունչով վերանորոգուած ներկաները հոգեկան գոհունակութեամբ հրաժեշտ առին սրահէն՝ յաջողութիւն մաղթելով շրջանին մէջ իրագործուած հայանպաստ գործունէութեան։