ՍԱԼԲԻ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

«Վէրքերով Լի…»
Տաքո՛ւկ ծննդավայրէս՝ Լիբանան-Պէյրութէն, 1960-70 թուականէն սկսեալ Ճօրճին հետ ունեցած մեր ընկերական մտերմութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ Քալիֆորնիա-Լոս Անճելըսի մէջ, եւ տարիներու ընթացքին՝ սերտացաւ։
Ճօրճ, առոյգ, կայտառ, ազնուասիրտ, բարեկիրթ, բարեսիրտ, մեղրագոյն աչքերով ու թաւ յօնքերով, անյագ ընթերցող երիտասարդ մըն էր, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն, եկած էր ուսանելու։
Այդքա՛ն եղած էր մեր ծանօթացումը սկզբնական շրջանին։
Ապա՝ միութենական կեանքի մէջ, նկատեցի որ Ճօրճը ծայրայեղ ազգասէր էր. ազգասէր՝ ցեղապաշտ-ցեղակրօն ըլլալու աստիճան. իր միտքին ու սիրտին մէջ յատուկ տեղ ունէր Գարեգին Նժդեհ։
Մտերիմներու շրջանակին մէջ, Ճօրճ զուարթախոհ, սրամիտ ու կատակասէր էր, աւելի՛ն՝ հաճելի խօսակից էր իր պատմութիւններով՝ Քեսապէն սկսեալ, ուր անցուցած էր իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը, ուր իր ծնողները ունէին իրենց ամառնային տունը։ Ուստի, նաե՛ւ Քեսապցի էր «ողն ու ծուծով»։
Ճօրճին մտասեւեռումները շա՜տ էին. հաւանաբար անքուն գիշերներ անցուցած էր ե՛ւ եղբայրներուն, եւ աւելի ո՛ւշ, իր սերտ ընկերներուն հետ, խօսելով այդ բոլորի մասին։
Մտասեւեռումներ՝ որոնք անշուշտ կապուած էին Արեւմտեան Հայաստանի գրաւուած հողերուն, տեղահանութեան եւ մէկ ու կէս միլիոնի Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատին հետ։ Ան համոզուած էր, թէ՝ Հայ Դատի հետապնդումը պիտի ըլլար ամբողջական Հայաստանին առաջնորդող ճամբան եւ այդ պատճառով ալ անվերջ, անդադա՛ր կը կրկնէր, որ իւրաքանչիւր հայ անձ՝ դաշնակցական կամ ոչ՝ պէտք է բերէ իր «հոգեկան լուման» հայ ազգին։ Անոնք, որոնք իր գաղափարները կ՛ունկնդրէին, թերեւս կ՛ենթադրէին թէ՝ «անձնակեդրոն» կամ «անձնասէր» էր, որ այդքա՛ն կը խօսէր իր գաղափարներուն մասին. այդպէս կարծողները բացարձակապէ՛ս կը սխալէին, որովհետեւ Ճօրճին մտերմօրէն ճանչցողը գիտէր, թէ իր այս կամ այն գաղափարը նա՛խ իր մտերիմ ընկերներուն հետ կը բաժնէր, անոնց խորհուրդը կ՛առնէր, բայց չէր գոհանար այդքանով, իր գաղափար-ծրագիրները կը հաղորդէր ղեկավար ընկերներու, եւ աւելի ուշ, երբ համոզուած ըլլար, որ կրնայ իր սահմաններուն ներած չափով գործադրել այդ բոլորը, կ՛իրականացնէր զանոնք։ Անշուշտ, այդ բոլորը կը կատարուէին իր յամառ հետապնդումով ու անսահման կամքով։
Այդ ծրագիրները մի՛շտ կապուած էին իր մեծագոյն ու միաձոյլ սիրոյն՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ, ՀԱՅ ԴԱՏԻՆ։
Ճօրճ ունէր առաքինութիւն մը եւս, լա՛ւ ընկեր էր. ո՛չ միայն իբրեւ կուսակցական դաշնակցական ընկեր, այլ՝ իր կեանքի ընթացքին հանդիպած տղոց հետ կապուած էր ընկերական սիրով՝ ցմահ, այնքան ատեն, որ այդ տղաքը մնացած են առաքինի ու նկարագիրի տէր։ Ճօրճին համար «մեղք» ունէր կարծես կամ «ամօթ» էր մոռնալ այն անձը, որուն հետ «սեղան նստած» էր, «պատառ, բրդոն կերած»։ Գուցէ իր գիւղացիի՝ Քեսապցիի հոգեբանութիւնն էր եւ կամ աւետարանական ըլլալը։
Այդպէ՛ս դաստիարակուած էր Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոս 1945ին ծնած Ճօրճ Ազատ Աբէլեանը, որ իր նախնական ուսումը ստացած էր ի՛ր բառերով՝ «հայաբոյր ոստայն» Հալէպ քաղաքին մէջ, իսկ Պէյրութի «ջերմ հայկական» մթնոլորտին մէջ անցուցած էր իր երիտասարդական-ուսանողական տարիները, յաճախելով «Հայկազեան» համալսարան եւ աւարտելով զայն։
Ճօրճ, տէրն էր իր երկրորդ անուան՝ Ազատ էր. ուստի, ան շատ յաճախ, այնքա՛ն անկաշկանդ եւ թերեւս այլ մարդոց համար «ըմբոստ» կոչուելու աստիճան՝ գաղափարներ կը սնուցանէր, որոնք կրնային գործադրելի չըլլալ. նաե՛ւ ղեկավարներու հայեցողութեամբ՝ անգործնական եւ թերեւս ալ քիչ մը «վտանգաւոր ու անտեղի»։ Սակայն, Ճօրճ Ազատին համար անմատչելի չէին այդ գաղափարները եւ եթէ նոյնիսկ մինակ մնար իր գաղափարներուն հետ, աննահանջ կը հետապնդէր եւ վնասուելու գնով՝ կը հասցնէր իրենց վախճանին, նոյնիսկ եթէ իր կուսակցական ղեկավարներէն դիտողութիւն ստանար։
Անկոտրում էին իր համոզումները, որովհետեւ անվերջ վշտահար էր սիրտը, «վէրքերով լի…», մի՛շտ նոյն հարցն էր, որ Ճօրճին միտքը, սիրտն ու հոգին կը տանջէր թէ՝ «ինչո՞ւ հայ ազգը արժանի չէ եղած հատուցման, երբ ամէնէն արժանի ազգն է, ամէնէն աւելի զոհ տուած, զոհաբերուած, շինարար, խելացի… Ինչո՞ւ այս անարդարութիւնը, ինչո՞ւ…»
Այսօ՛ր «ինչո՞ւ» հարցումիդ սիրելի Ճօրճ, տարբեր անկիւնէ դիտուած հարց պիտի տամ. ինչո՞ւ չկրցանք ամոքել «վէրքերով լի» սիրտդ ընկե՛ր. կ՛ափսոսա՛մ եւ «ճիտիս պարտքը» կը համարեմ այլ առիթներով եւս անդրադառնալու քու առանձինն ու յատկանշական ծրագիրներուդ եւ փափաքներուդ, զոր կատարեցիր. ինչպէս վերջինը եւս՝ հանգչիլ ու թաղուիլ քու հարազատ տաքո՛ւկ գիւղիդ՝ Քեսապի ջերմ հողին մէջ, հեռո՜ւ ու առանձին, բայց երբե՛ք մինակ, որովհետեւ մի՛շտ ներկայ ես անջնջելի յիշատակներովդ։
Հարգելի Ընկեր (Անմոռանալի)
Լոյս մռնջէ Անմահ Հոգիիդ
Խունկ Ու Մօմ Անմոռ Յիշատակիդ
ԱՄԷՆ….