ՊՈԼԻՍ.– Նոյեմբեր 5ին Պոլսոյ Ճեզայիր կեդրոնին մէջ կայացաւ հայ լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի «Կանաչ Ու Սեւ» եւ «Հայերը Եւ Թուրքերը» գիրքերու թրքերէն եւ անգլերէն տարբերակներու ցուցահանդէս-վաճառքը։
Շնորհահանդէսը կազմակերպուած էր «Անատոլու Քիւլթուր» կեդրոնի ղեկավար Օսման Քաւալանի կողմէ՝ համագործակցութեամբ պոլսահայ «Ժամանակ» թերթի խմբագիր Արա Քոչունեանի։ Թաթուլ Յակոբեանի եւ անոր գիրքերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Ա. Քոչունեանը։ Ապա հեղինակը անգլերէնով հակիրճ կերպով ներկայացուց իր գիրքերուն բովանդակութիւնը, յատկապէս կարեւոր նկատելով Պոլսոյ մէջ անոնց շնորհահանդէսը։
Ներկայ էին Պոլսոյ մէջ հրատարակուող հայկական թերթերու աշխատակիցներ, «Պի. Պի. Սի.»ի թրքական ծառայութենէն լրագրող մը, ինչպէս նաեւ փորձագէտներ եւ դիւանագէտներ։
«Իւրաքանչիւր կոնֆլիկտ ունի առնուազն երկու կողմ։ Ես չեմ կարող յաւակնել ամենաանաչառ հեղինակի տիտղոսին, սակայն երկու գրքերում էլ փորձել եմ ներկայացնել փաստեր, իրադարձութիւններ՝ մեկնաբանութիւնները թողնելով ընթերցողին։ Կարծում եմ թուրք ընթերցողը հետաքրքրութեամբ կը կարդայ այս հատորները եւ նոր մանրամասներ կը յայտնաբերի ինչպէս հայ-թուրքական դիւանագիտական յարաբերութիւնների պատմութիւնից, այնպէս էլ արցախեան հակամարտութիւնից», յայտնեց Թաթուլ Յակոբեան։
Անոր ելոյթէն ետք ուղղուեցան հարցումներ, կատարուեցաւ քն-նարկում։
Աւարտին Թաթուլ Յակոբեան մակագրեց իր նորատիպ հատորները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.