
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, 10 Նոյեմբերի առաւօտեան Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Անթիլիասի Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը՝ իր ուսուցչական կազմին հետ միասին։ Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանն ու կաթողիկոսարանի Կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչ՝ Ղեւոնդ վրդ. Բէնդէզեան։
Անթիլիասի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները գեղարուեստական յայտագիր մը նեկայացուցին եւ հայրապետին ծաղկեփունջ մը նուիրեցին։
Ապա վեհափառ հայապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց տեսնելով հայ մանուկները, որոնք առաւօտեան Ս. եւ անմահ պատարագտին մասնակցած էին, ու ըսաւ. «Ուրախ եմ տեսնելով ձեզ սիրելի մանուկներ, որ փոխանակ Կիրակի օրերը ձեր ժամանակը տունին մէջ կամ ուրիշ տեղ անցնելու, եկած էք Կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի քրիստոնէական հաւատքով եւ հայ արժէքներով ու աւանդութիւններով մեծնաք»։ Իր խօսքը ծնողներուն ուղղելով գնահատեց զանոնք, որ իրենց զաւակները Կիրակնօրեայ վարժարան կը ղրկեն, որպէսզի հոգեւոր ու մտաւոր կազմաւորում ստանան։ Վերջաւորութեան վեհափառը յատուկ կերպով գնահատեց Անթիլիասի Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչուհին եւ ուսուցչական կազմը, որոնք առօրեայ զբաղումներն ու մտահոգութիւնները մէկդի թողած, անձնուիրութեամբ ու մեծ սիրով յանձն առած են հայ մանուկներուն հոգե-մտաւոր դաստիարակութիւն ջամբել։