Երբ հալէպցիք ականատես կը դառնան աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր պատերազմներէն մէկուն եւ ամիսներէ ի վեր եւ ամէն քայլափոխի տեսանելի են կռիւ, ներքին պատերազմ, արիւն, վէրք, անօթութիւն, սով, ջուրի եւ լոյսի կարօտ, մահ եւ սուգ, ահաւասիկ անոնք անգամ մը եւս ջուրի կարօտ պիտի մնային:
«Բերիոյ Նիուզ»ը կը հաղորդէ, որ Հալէպի մէջ ջուրի երկարատեւ անջատումի պատճառով անցեալ Շաբաթ եւ Կիրակի ջրամատակարարում կատարուեցաւ հայաշատ շրջաններու մէջ՝ Վիլլաներ, Նոր Գիւղ, Աուժեթ Ժըպ եւ Սիւլէյմանիէի հայկական ակումբներէն, կեդրոններէն եւ եկեղեցիներէն:
Շրջաններու հազարաւոր բնակիչներ կարգ ու կանոնը առանց խախտելու ստացան իրենց տրամադրուած ջուրը:
Անհրաժեշտ է նշել, որ ջրամատակարարումը տեղի ունեցաւ անվճար:
Ըստ «Բերիոյ Նիուզ»ի՝ Կիրակի աւելի ուշ ժամերուն Հալէպի մէջ առկայ ջուրի եւ ելեկտրականութեան լուրջ խնդիրին առնչութեամբ կառավարութիւնը կարելին կ՛ընէ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու:
Ջրամատակարարումը թէեւ ոչ ամբողջովին, սակայն աստիճանաբար կը վերականգնի, իսկ ելեկտրականութիւնը տակաւին կը մնայ խզուած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.