
ՍԻՏՆԻ.- «Սիտնի Մորնինկ Հերըլտ» թերթը իր Շաբաթ, Նոյեմբեր 16ի թիւով կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք անգամ մը եւս անուղղակիօրէն սպառնացած է Կալիփոլիի մէջ 1915ին տեղի ունեցած ճակատամարտին ընթացքին զոհուած Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի զինուորներու յիշատակին յառաջիկայ տարի կայանալիք արարողութիւններուն մասնակցութիւնը արգիլել այն նահանգային երեսփոխաններուն, որոնք վաւերացուցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը:
Չիչեք կոչ ըրած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալեսի նահանգային խորհրդարանին, որ ետ քաշէ 2012ին վաւերացուած եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը՝ ազդարարելով, թէ Աւստրալիոյ խորհրդարանին կողմէ նման բանաձեւի մը վաւերացումը կրնայ վնաս հասցնել Աւստրալիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց:
Նոր Հարաւային Կալեսի նահանգային կառավարութեան վարչապետ Պերի Օ՛Ֆերըլ, իր կարգին դատապարտած է Կալիփոլիի զոհերուն յիշատակը քաղաքական նպատակներու համար շահագործելու Չիչեքի եւ Թուրքիոյ փորձերը:
Նման յայտարարութիւն մը կատարած է նաեւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Վաչէ Քահրամանեանը: «Գրեթէ 100 տարի է, որ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ պատմական այս իրողութիւնը», ըսած է ան:
Թերթը նաեւ կը նշէ, թէ այս լրատուութիւնը կատարած Ճուտիթ Ուէյլըն, Թուրքիա այցելած էր՝ թրքական «Թրքիշ Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան հրաւէրով: