
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները դարձեալ հաստատած են իրենց հաստատակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու աշխատանքին, եւ բարձր գնահատած են ԵԱՀԿի գործող նախագահի ջանքերն ու համագործակցութիւնը կողմերուն հետ. Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15ին այսպէս յայտարարած է ԵԱՀԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ՝ դեսպան Տենիըլ Պեր, ԵԱՀԿի Մշտական խորհուրդին առջեւ իր ելոյթին ընթացքին: Ան շեշտած է, թէ պէտք է աշխուժացնել Արցախի հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերը, հակառակ տարածաշրջանին մէջ տիրող վիճակին ու լարուածութեան:
«Բացի բանակցութիւններու միջոցով խաղաղ կարգաւորումէն՝ այլ ճանապարհ չկա՛յ: Կ՛ողջունենք նախագահներ Ալիեւի եւ Սարգսեանի միջեւ հանդիպելու համաձայնութիւնը: Ժամանակն է խօսքէն գործի անցնելու: Նախագահներու հանդիպումը կրնայ նոր խթան մը ըլլալ տագնապին կարգաւորման», աւելցուցած է ան: