
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 7 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 45րդ ընտրատարածքի ընտրութեանց մասնակցող թեկնածու Մեթ Տապապնէին՝ հանդիպումներ ունենալէ ետք գլխաւոր թեկնածուներուն հետ:
Հայ Դատի յանձնախումբը քննած է թեկնածուներու քաղաքական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ անոնց առաջադրած ծրագիրները, յատկապէս՝ նկատի ունենալով ամերիկահայութեան շահերը եւ Քալիֆորնիոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ նշ-եալ որոշումին հասնելէ առաջ:
«Իբրեւ քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի շրջանային անձնակազմի պետ ու անոր բարձրաստիճան խորհրդական, վերջին 9 տարիներուն ընթացքին սերտ յարաբերութիւններ հաստատած եմ Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայութեան ու Հայ Դատի յանձնախումբին հետ», կը յայտնէ Մեթ Տապապնէ, նշելով, թէ ինք մասնակցած է հայկական շարք մը կազմակերպութեանց ձեռնարկներուն, ներառեալ՝ Մոնթեպելլոյի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու եւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խաղերուն, որոնց ընթացքին քոնկրեսականին գրասենեակը կրպակ մը կը վարձէ՝ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար հայ համայնքին:
«Աշխատանք պիտի տանիմ աւելիով զօրացնելու ամերիկահայութեան հետ կապերս, երբ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուիմ», աւելցուցած է ան:
Թեկնածուներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին Հայ Դատը սեղանին վրայ դրած է շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ քաղաքական իրավիճակը, Սան Ֆերնանտօ հովիտի տնտեսական վիճակի բարելաւման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցեր եւ ամերիկահայութիւնը քաղաքական կեանքի մէջ ներգրաւելու կարելիութիւններ:
«Հիւսիսային եւ Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ հանդիպումներ ունեցան գլխաւոր թեկնածուներու հետ, որոնցմէ ետք որոշուեցաւ նեցուկ կանգնիլ Տապապնէի», կը յայտնէ Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նարեկ Կիտցինեան:
Տապապնէ ծնած է Սան Ֆերնանտօ հովիտ. վկայականներ ունի քաղաքական գիտութեանց եւ հանրային քաղաքականութեան մարզերէն ու իբրեւ քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի օգնական՝ նեցուկ կանգնած է հայութիւնը յուզող հարցերու:
«Կ՛ողջունենք Մեթ Տապապնէի նեցուկ կանգնելու մասին Արեւ-մտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին որոշումը, նկատի ունենալով, որ ան երկարամեայ բարեկամ մըն է շրջանի հայ համայնքին եւ 45րդ ընտրատարածքէն ընտրուելու հաւանականութիւն ունի, իր փորձառութեանց եւ արդէն իսկ փաստուած ղեկավարման ձիրքերուն շնորհիւ: Կոչ կ՛ընենք հայութեան, որ անոր ի նպաստ քուէարկէ Նոյեմբեր 19ին կայանալիք ընտրութիւններուն», կը յայտնէ Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Փիեռ Ենոքեան: