
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ արձակագիր եւ խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեանի ծննդեան 100ամեակի արժանաւոր յիշատակութինը։
Ծառուկեանի կենսագրական գիծերը պիտի ներկայացնէ գաղութիս ծանօթ բեմասաց, իգական սեռի հաւասարութեան ջատագով՝ Սէսիլ Քէշիշեանը։ Իսկ Ծառուկեան արձակագիրն ու խմբագիրը պիտի ներկայացնէ հանրածանօթ մտաւորական եւ սիրուած խմբագիր փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը։
Գործադրութեան պիտի դրուի նաեւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ասմունքով պիտի մասնակցի արհեստավարժ դերասան-բեմադրիչ Սեդրակ Պռոնզեանը, իսկ մեներգով՝ հայկական ժողովրդական երգերու մեկնաբան Խաչիկ Նահապետեանը։
Այս ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2013ի յետ- միջօրէի ժամը 5ին, ԹՄ Միութեան Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ (1901 N. Allen Ave. corner of New York Dr.):
Ձեռնարկի աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Գաղութիս գրասէր հասարակութիւնը սիրով հրաւիրուած է վայելելու այս իւրայատուկ բանախօսութիւնը։