Շաբաթ, 9 Նոյեմբերի մեր թիւով, Սան Ֆրանսիսքոյի մեր աշխատակիցին՝ Նուպար Տէմիրճեանի «Նահապետը Գնաց» խորագրեալ յօդուածին մէջ արձանագրուած է խմբագրական վրիպում մը. Սօս Սարգսեանի յիշատակին նուիրուած յօդուածին 4րդ սիւնակի 2րդ պարբերութիւնը պէտք է ըլլար հետեւեալը.- «ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր խօսքը տուած էր մամուլով, բայց ափսոս որ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծանուն շարքայինի մը թաղման արարողութեան, ո՛չ Դաշնակցութեան զինանշանով ծածկուած էր դագաղը, եւ ոչ ալ հանգամանօրէն դամբանական մը խօսուած էր գերեզմանատան մէ»ջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.