ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի խնամակալ մարմինին, մասնակցութեամբ երեկոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ ծնողաուսուցչական միութեան, դպրոցի հիմնադրութեան 33րդ ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 2ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» համալիրի «Սարոյեան» սրահին մէջ:
Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Աշ, Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հովիւ Յովէլ քհնյ. Օհանեան, Հայ աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Ներսէս Պալապանեան, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Հրայր Սարգիսեան, ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Սարգիս Փանոսեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան, ԳԶՎի խնամակալ մարմինի ատենապետ Գարէն Արզումանեան, գաղութին մէջ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ԳԶՎի բարերարներ, ծնողներ եւ ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ շուրջ 250է աւելի ներկաներ, որոնք եկած էին իրենց ներկայութեամբ քաջալերելու Սան Ֆրանսիսքոյի միակ հայկական վարժարանը:
Երեկոյթը սկսաւ հոգեւոր հայրերու աղօթքով ու ամերիկեան, հայկական եւ ԳԶՎի հիմներու կատարումով, ապա հանդիսավարը հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Հայաստանի մէջ նորոգ հանգուցեալ, ԳԶՎի բարերարներէն Վարդգէս Անիւեանի:
Երեկոյթին բացումը կատարեց եւ հանդիսութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց ԳԶՎի խնամակալ մարմինի անդամներէն Կրեկ Օվանէսեան. ան իր խօսքը սկսաւ գեղեցիկ մէջբերում մը ընելով Լեւոն Շանթէն եւ ըսաւ. «Մեծ մանկավարժ, գրագէտ եւ տնօրէն Լեւոն Շանթ կը հաւատար, թէ երկու միջոց կայ՝ դպրոց եւ գիրք, որո՛նք կրնան միայն փրկարար դեր կատարել, հայ մարդու պայքարը մղել, հայ հոգիներուն մէջ ազգային մակարդակ պատրաստել»: Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ծովածոցի համար փրկարար այդ երազը իրականացաւ 33 տարի առաջ, շնորհիւ հեռատես խումբ մը հայորդիներու:
Ապա Կրեկ Օվանէսեան, դպրոցի տարեկան գործունէութեան մասին խօսելով՝ տուաւ կարգ մը զեկոյցներ. «Յաջորդական չորս տարիներու ընթացքին դպրոցին աշակերտութեան թիւը բարձրացած է 20 տոկոսով եւ կարելի եղած է հաւասարակշռել վարժարանի նիւթական ելեւմուտքը: Նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուած է 25 աշակերտներու: Նախամանկապարտէզը օժտուած է նոր դասարանով, աշակերտութեան թիւի աճին պատճառով: Ապահովական միջոցներու նախնական աշխատանքները աւարտած են»: Կ. Օվանէսեան իր խօսքի վերջաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն, որոնց նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւններով կարելի եղած է իրականացնել բոլոր ծրագիրները, ի մասնաւորի՝ վարժարանի վարկաւորումը ու սան երաշխաւորելու ծրագիրը:
ԳԶՎ Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան իր ողջոյնի խօսքերուն ընթացքին, իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ սրտի անհուն գոհունակութիւնը յայտնեց, որ «հաւաքուած ենք հոս, բոլորս միասնաբար տօնելու Սան Ֆրանսիսքոյի պարծանք ԳԶՎ Ազգային վարժարանի 33րդ տարեդարձը»: Կ. Անտոնեան իր պատգամին մէջ մասնաւորաբար շեշտը դրաւ տուն, ծնողք եւ դպրոց փոխյարաբերութեան վրայ՝ ըսելով. «Կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը կը սկսին տունէն, մանուկին փոքր հասակէն. հոն, ծնողքի մը վարուելակերպը եւ գուրգուրանքը անմիջական ազդեցութիւն կ՛ունենան մանուկին վրայ: Հետեւաբար, ծնողքը կը դառնայ երեխային առաջին ուսուցիչ-դաստիարակը, իր տան եւ ընտանեկան միջավայրին մէջ. ապա այդ կրթութիւնը կը շարունակուի հայկական վարժարաններէն ներս: Դպրոցն է, որ կը շարունակէ դաստիարակել, կրթել աշակերտը եւ ջամբել անոր հիմնական եւ ժամանակակից գիտութիւնը, իմացական ոգին եւ ազգային գիտակցութիւնը. դպրոցը կը բանայ աշակերտին միտքի շտեմարանը, կը լուսաւորէ անոր հոգին եւ գեղեցիկի ըմբռնումը»: Իր խօսքի վերջաւորութեան, տնօրէնուհին մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն տօնակատարութիւնը կազմակերպող բոլոր այն տիկիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին այս երեկոն յաջողցնելու համար, ի մասնաւորի՝ Անժէլիք Արզումանեանին, Անճէլա Տայիկեանին, ծնողաուսուցչական կազմի բոլոր տիկիններուն:
Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալ մարմինին տնօրինումով, տարուան Տիպար շրջանաւարտի գնահատականը պիտի շնորհուէր 1988ի շրջանաւարտներէն իրաւաբան Կարէն Նազարեանին: Ուստի, ԳԶՎի շրջանաւարտից միութեան վարչականներէն Նաիրա Տէր Կիւրեղեանի ձեռամբ, գնահատագիրը յանձնուեցաւ մեծարեալին քրոջ՝ Մեղեդի Նազարեանին, Կ. Նազարեանի Հայաստան գտնուելուն պատճառաւ: Այս առիթով, Կ. Նազարեան իր պատգամը, մանկութեան յուշերը եւ շնորհակալական խօսքերը ուղարկած էր տեսաերիզով մը, որ ցուցադրուեցաւ գնահատագիրի տուչութեան աւարտին:
Կարէն Նազարեան, 1988ին, ԳԶՎ Ազգ. վարժարանը աւարտելէ եւ երկրորդական ուսումը ամբողջացնելէ ետք, կ՛ընդունուի UC Berkeley, ուրկէ կը ստանայ BS վկայականը՝ անգլերէն գրականութեան մէջ: Շարունակելով իր ուսումը՝ ան կ՛անցնի UCLA, ուրկէ կը ստանայ JD տիտղոսը՝ համալսարանի իրաւաբանական բաժինէն: Ասպարէզ նետուելով՝ ան կը միանայ Լոս Անճելըսի ժողովրդային հասարակական պաշտպանութեան գրասենեակին, ուր 7 տարի ոճիրով ամբաստանեալներ կը պաշտպանէ: Սեպտեմբեր 2012ին, Կ. Նազարեան կը փոխադրուի հայրենիք եւ կը դառնայ Southwestern իրաւաբանական համալսարանի ներկայացուցիչը Երեւանի մէջ: Ան նաեւ կ՛աշխատի Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան հետ, բարելաւելու եւ արդիականացնելու համար երկրին օրինական համակարգը: Ան նաեւ կ՛ուսուցանէ իրաւաբանութիւն Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանին մէջ:
Ձեռնարկին պատգամաբերն էր Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Ալինա Դուրեանը, որ ազգայնաշունչ կուռ ճառով մը ներկայացնելով իր խօսքը՝ ըսաւ. «Մենք՝ հայերս, բոլոր ժամանակներում, ուր էլ, որ եղել ենք, զոհողութեամբ եւ տքնաջան աշխատանքով կազմել ենք համայնքներ, կառուցել՝ եկեղեցիներ եւ հիմնել դպրոցներ. դպրոցները մեզ համար միշտ եղել են մեր երկրորդ տունն ու օճախը. մեր դպրոցները մեր բոլորի նկարագիրն են, մեր դպրոցները մե՛նք ենք, եւ մեր իղձերի ու երազների անխոնջ խորանն են. մենք մեր դպրոցին նուիրել ենք մեր սէրը, կեանքի ժամերը, եւ սատարել ենք նրան. դպրոցը եղել է հիմնաքարը մեր անհատական ազգային կեանքին. ամէն մէկը այս դահլիճում դեր ունի մեր դպրոցի կեանքում, այս դպրոցով մենք բոլորս հպարտ ենք, յատկապէս՝ երախտապարտ. մենք ենք այս դպրոցի պահապանները. պահե՛նք, յարգե՛նք մեր օճախը, գուրգուրա՛նք նրան: Ահա այսպիսի սիրով բոլորս ենք կապուած այս փոքրիկ օճախին, օճախ, որ իրականում հսկայ խարոյկ է: Այժմ համեստաբար կոչ եմ անում բոլորիդ, որ ձեռք ձեռքի տանք եւ մշակուած ու հաստատուն քայլերով մասնակցենք մեր նոր սերնդի կրթելու եւ հզօրացնելու ազնիւ պայքարին: Այս դպրոցի սանուկները ո՛ւր էլ գնան, ի՛նչ էլ անեն, իրենց սրտում վառ են պահելու այս փոքրիկ օճախի մեծ խարոյկը, եւ հաստատօրէն ջերմացնելու եւ լուսաւորելու են գալիք սերունդներին: Այս դպրոցի ուսանողները մեր համայնքի, մեր ազգի հարստութիւնն են, թոյլ տուէք առաջինը լինելու յաջողութիւն մաղթելու բոլորին այս սուրբ գործում: Շահողը մեր նոր սերունդն է լինելու, հետեւաբար՝ եւ դուք, մենք եւ համայն հայութիւնը»:
ԳԶՎ վարժարանի 33րդ ամեակի այս շքեղ տօնակատարութեան ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել աւելի քան 150,000 տոլար: