Տոքթ. Յակոբ Տիգրանեանի մասին հարցուցէք Մոնթեպելլոյի հայ համայնքի զաւակներուն: Վստահ ենք, որ բոլորը նոյն վկայութիւնը պիտի տան: Ան բարեպաշտ անձ մըն է՝ նուիրուած իր եկեղեցիին ու տասնամեակներ շարունակ անմնացորդ ծառայած Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծուխին:
Տոքթ. Տիգրանեան առաջիններէն էր, որ պատասխանեց մեր կոչին եւ հազար տոլարի նուիրատուութեամբ ստանձնեց հովանաւորութիւնը 1968ի «Ասպարէզ»ի թիւերու թուայնացման: Այդ տարին էր, երբ տոքթ. Յակոբ Տիգրանեան ամուսնացաւ Լիւսիին հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.