ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Նուվել տ՛Արմենի» ամսագիրին համաձայն, ֆրանսահայ բեմադրիչ Գրիգոր Ամել, որ նշանաւոր դերասան Վարդան Պետրոսեանի աներորդին է, մեծ ահազանգ հնչեցուցած է դերասանին ճակատագիրին վերաբերեալ։
Ան համապատասխան հաղորդագրութիւններ յղած է Փարիզի մէջ լոյս տեսնող թերթերու լրագրողներուն՝ գրելով, որ իր քրոջ ամուսինը ծանր վիրաւոր է եւ պէտք է իսկոյն հիւանդանոց փոխադրուի, որպէսզի անհրաժեշտ խնամքը ստանայ։ Գրիգոր Ամելի համաձայն, անճիշդ է դատախազին այն մօտեցումը, թէ Պետրոսեանի առողջական վիճակը բաւարար է։ Ան լուսարձակի տակ առած է այն երեւոյթը, որ դերասանը հարցաքննութեան ենթարկուած է արկածին յաջորդած 12 ժամուան ընթացքին, առանց սնունդի եւ ջուրի, երբ Պետրոսեան քանի մը անգամ կորսնցուցած էր իր գիտակցութիւնը։ Ըստ բեմադրիչին, տեղի ունեցած արկածին պատասխանատուն Վարդան Պետրոսեանը չէ, իսկ միւս ինքնաշարժին վարորդը ցարդ բողոք չէ ներկայացուցած։
Լուրը եզրափակելով՝ ամսագիրը կը նշէ, թէ Հայաստանի մէջ մեծ համբաւ ունի Վարդան Պետրոսեանը, որ յատկապէս ճանչցուած է իշխանութիւններուն հանդէպ իր երգիծանքով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.