Յարգելով յիշատակը երկու անզուգական հայորդիներու՝ «Ասպարէզ»ի ընտանիքի անդամներ Խաժակ Շիթիլեանի եւ Գէորգ Նուպարեանի, նոյն անձը, որ նախընտրած է մնալ անանուն, կը հովանաւորէ թերթի 1985ի թիւերու թուայնացումը:
Խաժակը բնութագրելու համար՝ գաղափարական, ընկերասէր, հայրենասէր, նուիրեալ յատկանիշները անմիջապէս կու գան մեր միտքը:
Գէորգ Նուպարեանը՝ արուեստագէտ, հայկական մշակոյթի ու մեր ժողովուրդի հոգեւոր արժէքներուն զինուորեալ, ազնիւ մարդկային էակ:
Կը խնկարկենք անոնց յիշատակը:
Այս «Մի ոմն»ը ինք եւս մեր ընտանիքի անդամներէն եղած է: Հիմա ուրիշ ասպարէզի մէջ է, բայց միշտ կը մնայ «Ասպարէզ»ական:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.