
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա մտադիր է զօրացնել հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ համակարգը Պելոռուսի հետ եւ պիտի նախաձեռնէ Հայաստանի եւ Ղազախստանի հետ համանման համակարգերու հաստատման. այս մասին Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19ին ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Մոսկուայի մէջ կայացած բարձրաստիճան սպաներու ներկայացման արարողութեան ընթացքին:
Ըստ ռուսական «Ռիա Նովոսթի»ին՝ Փութին աւելցուցած է, թէ Հայաստանի եւ Ղազախստանի հետ նման տարածաշրջանային համակարգերու շնորհիւ, պիտի զօրանայ Ռուսիոյ եւ անոր գործընկերներու պաշտպանական ներուժը՝ նպաստելով եւրասիական տարածքէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:
Ան յիշեցուցած է, թէ այս տարուան ընթացքին յաջողութեամբ ամբողջացած են ռուս-պելոռուսական՝ «Արեւմուտք-2013» ռազմավարական զօրավարժութիւնները, ինչպէս նաեւ նախնական քայլեր առնուած են տարածաշրջանային զօրախումբերու ստեղծման համար՝ Հայաստանի, Պելոռուսի, Ղազախստանի եւ Տաճիկիստանի մասնակցութեամբ:
«Պիտի ընդարձակենք գործակցութիւնը մեր աւանդական գործընկերներուն ու դաշնակիցներուն հետ՝ առաջնահերթութիւն տալով ՀԱՊԿի, ՇՀԿի եւ ԱՊՀի մասնակից պետութիւններուն», աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը: