
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 19 Նոյեմբերին Վիեննայի Քոպուրկ պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը, որ տեւեց երկու ժամ։
Երկու նախագահներուն դռնփակ առանձին հանդիպումէն որոշ ժամանակ ետք անոնց միացան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ճէյմզ Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), Ժագ Ֆորը (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանը եւ Էլմար Մամետեարովը:
Հանդիպումէն ետք համանախագահները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեցին, թէ նախագահները համաձայնած են թափ հաղորդել հետագայ բանակցութիւններուն՝ խաղաղ կարգաւորման ձեռքբերման միտումով, եւ յանձնարարած են իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն՝ համանախագահներու հետ համադրաբար ցարդ տարուած աշխատանքին հիման վրայ շարունակել ջանքերը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութեան ամբողջութիւնը.
«Համանախագահները ողջունեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւը Վիեննայի մէջ, ուր նախագահները ժամանած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ընկերակցութեամբ՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման միտող բանակցութիւնները շարունակելու նպատակով: Հանդիպման ներկայ եղած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները (Ռուսիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը: Ասիկա նախագահներուն առաջին հանդիպումն էր Յունուար 2012ին Սոչիի մէջ կայացած գագաթնաժողովէն ետք:
Առանձնազրոյցին, ապա անոր յաջորդած համանախագահներուն եւ նախարարներուն հետ աշխատանքային հանդիպման ընթացքին նախագահները քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման վերաբերող տարբեր հարցեր։
Նախագահները համաձայնած են թափ հաղորդել հետագայ բանակցութիւններուն՝ ուղղուած խաղաղ կարգաւորման ձեռքբերման եւ յանձնարարած են իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն՝ համանախագահներուն հետ գործակցաբար եւ ցարդ կատարուածին հիման վրայ շարունակել աշխատանքը՝ խաղաղ գործընթացի աշխուժացման նպատակով: Անոնք պայմանաւորուած են կրկին հանդիպիլ յառաջիկայ ամիսներուն:
Որպէս հետագայ քայլ՝ համանախագահները պիտի կազմակերպեն աշխատանքային հանդիպումներ նախարարներուն հետ՝ ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրուդի նիստի «հարթակներուն վրայ», 5-6 Դեկտեմբերին, Քիեւի մէջ։ Համանախագահները կը ծրագրեն այցելել տարածաշրջան մինչեւ ընթացիկ տարուան աւարտը»:
Միւս կողմէ, 18 Նոյեմբերի երեկոյեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ՝ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ։
Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են հայ–ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ կայանալիք հանդիպման վերաբերող հարցեր։
Նախագահին մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Ճոն Քերրի վերահաստատած է Ղարաբաղեան հիմնախնդիրին խաղաղ լուծման միտող աշխատանքներուն Միացեալ Նահանգներու լիակատար աջակցութիւնը։ Երկուստեք ընդգծած են, որ բանակցութեան ճամբով խաղաղ լուծման հասնիլը այլընտրանք չունի, եւ անհրաժեշտ է հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ գտնել փոխադարձ ընդունելի լուծման դրոյթներ։