ՍՏԵՓԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Ուրբաթ, 8 Նոյեմբեր 2013: Յետեղեռնեան մարսէյահայ գաղութի 90ամեայ ողջ տարեգրութեան մէջ՝ աննախընթաց, բացառիկ, եզակի օր մը. օր մը, զոր կարելի է ամէն տեսակի գերադրականներով որակել: Այդ օրը քաղքենի 8րդ թաղամասի թիւ 15 Avenue Frռdռric Mistral-ի վրայ գտնուող, շքեղօրէն վերանորոգուած եւ «Վիլլա Հայաստան» վերակոչուած փարթամ առանձնատան մէջ հաստատուած Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նստավայրի բացումը կը կատարուի, մեծաշուք հանդիսութեամբ՝ եւ օրուան կարեւորութիւնը շեշտելու համար՝ ի ներկայութիւն արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի: Որոշուած ժամէն մէկ ժամ առաջ արդէն, քիչ անդին գտնուող Մոնթիչելլի հրապարակէն սկսեալ, քաղաքային ոստիկանութիւնը կը հսկէ կարգ-կանոնին, երթեւեկութեան. մինչ հրաւիրեալներէն շատ աւելի հոծ բազմութիւն մը կը սկսի խմբուելու հիւպատոսարանի պարտէզին մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ հանդիսութիւնը, եւ ուր տաղաւարներ սարքուած են, պատշաճ հիւրասիրութեան սեղաններով: Աւագ հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշ իրեն յատուկ համեստութեամբ՝ անձամբ կ՛ընդունի բոլոր ժամանողները:
Ժամը 16:45ին, առաջնորդութեամբ վերանորոգութիւնը իրագործող ճարտարապետ Ֆրանք Հրաչեանի, մամուլի ներկայացուցիչներս կը հրաւիրուինք մասնաւոր այցելութեան մը շէնքին առաջին յարկը, տակաւին ոչ-ամբողջութեամբ կահաւորուած, եւ որ յատկացուած պիտի ըլլայ հանրութեան ընդունելութեան: Ինչպէս արտաքինը, շէնքին ներքինը եւս հոյակապ է, ոչինչով զիջող շրջակայքը գտնուող այլ երկիրներու բազմաթիւ հիւպատոսարաններուն: Բազմութիւնը խիստ ստուարացած էր, երբ փոքր յապաղումով մը ժամանեցին օրուան պաշտօնական անձնաւորութիւնները՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Հայաստանի Ֆրանսայի մօտ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան եւ Մարսէյի ծերակուտական քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտէն, որոնք դիմաւորուեցան որոտընդոստ ծափերով, այնքա՛ն մթնոլորտը շիկացած էր: Նախ տանտիրոջ իրաւունքով բոլորին բարի գալուստի ուղերձով հանդէս եկաւ աւագ հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշ, ըսելով որ այսքան մեծ բազմութիւնը զինք անհունօրէն կ՛երջանկացնէ: «Մարսէյեան այն դուռն է, ուրկէ Ցեղասպանութենէն վերապրողները երկրորդ հայրենիք մը գտան», ըսաւ ան, եւ իր վստահութիւնը յայտնեց հիւպատոսարանին կատարելիք դերին հանդէպ, ֆրանսահայկական յարաբերութիւններուն առաւել սերտացման համար: Անոր յաջորդեց երիտասարդ փոխկուսակալ Ռաֆայէլ Սիմէոնի, որ կը ներկայացնէր ֆրանսական պետութիւնը: Ան Կուսակալին անունով ըսաւ, որ այդքա՛ն հոծ հայկական գաղութ ունեցող Մարսէյը արժանի էր Հայաստանի հիւպատոսարան մը ունենալու եւ մաղթեց, որ նորաբաց հաստատութիւնը ինք եւս սատարէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները ամրապնդելու: Ժան-Քլոտ Կոտէն հիւմուրով համեմուած իր խօսքին սկիզբը նախ յիշեց, որ գրեթէ երկու տարի առաջ իրեն ի պատիւ՝ քաղաքապետարանին մէջ տրուած ընդունելութեան ընթացքին էր, որ Հայաստանի նախագահը ծանուցանեց իր որոշումը՝ քաղաքիս մէջ հիւպատոսարան բանալու: Չմոռցաւ ըսելու, որ 90 տարի առաջ, Հայերը ծափողջոյններով չէ, որ հոս ընդունուեցան այն օրուան քաղաքապետին կողմէ, բայց իրենց լրջութեան եւ աշխատասիրութեան շնորհիւ իրենց արդար տեղը գրաւած են այսօր, քաղաքին իրենց բերած նպաստով: Ան յիշեց, որ հազիւ երկու շաբաթ առաջ, ինք Հայաստան կը գտնուէր ստուար պատուիրակութեան մը հետ: Եւ այդ այցելութեան ընթացքին մանաւա՛նդ, Երեւան-Մարսէյ գործակցութեան բազմերես համաձայնագիր ալ ստորագրուեցաւ: Ան եզրակացուց՝ ըսելով, որ այսօր Հայաստան գեղեցիկ ցուցափեղկ մը ունի քաղաքիս մէջ իր աւագ հիւպատոսարանով, եւ անոր մաղթեց բեղուն գործունէութիւն:
Հուսկ խօսեցաւ արտաքին գործոց նախարարը: Էդուարդ Նալբանդեան յիշեցուց որ ֆրանսահայկական յարաբերութիւնները հոս, Մարսէյէն սկսան չորս դար առաջ, ուր այսօր կը բացուի մեր երկրորդ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը: Դիւանագիտական լեզուով անդրադարձաւ երկու երկիրներու սերտ յարաբերութեանց: Նախարարին խնամուած ֆրանսերէնը խորապէս տպաւորեց ներկաները:
Այս պաշտօնական ճառախօսութիւններէն ետք, «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբը կատարեց ֆրանսական եւ հայկական փառերգերը, որոնց վերջաւորութեան նախարարը կտրեց խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը:
Հայկական շատ ճոխ համադամներով, «կարտըն-փարթի»ի ձեւին տակ ընդունելութեամբ մը, որ տեւեց մինչեւ ուշ երեկոյ, աւարտեցաւ այս իսկապէս յիշարժան օրը:
Գաղտնիք մը յայտնաբերած պիտի չըլլանք գրելով, որ այս գեղեցիկ հիւպատոսարանի իրագործումը մեծ մասամբ կը պարտինք աւագ հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշին, «արդեամբ եւ ջանիւք»: Իր վարձքը կատար ըլլայ:
Դժուար, եթէ ոչ անհնարին պիտի ըլլայ օրուան պաշտօնական հիւրերը մի առ մի թուելը: Նախ՝ քաղաքիս մէջ հաւատարմագրուած 70է աւելի հիւպատոսներու մէկ կարեւոր մասը: Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը, ծերակուտական Սամիա Ղալին, երեսփոխաններ Վալերի Պուայէն, Հանրի Ճիպրայէլը, Փաթրիք Մենուչին, Քաղաքակոյտի նախագահ Էօժէն Գազելին, շրջանային, նահանգային եւ քաղաքային բազմաթիւ խորհրդականներ, ի շարս որոնց Քաղաքապետական խորհուրդի հինգ հայ անդամները: Քաղաքապետի առաջին կցորդ, նախկին երեսփոխան Ռոլան Պլում, որ իբրեւ Արցախեան դատի բուռն պաշտպան, ոչ միայն 25 տարի առաջ Մոնթիչելլի հրապարակին վրայ Սովետական հիւպատոսարանի առջեւ քանիցս ցոյցերու մասնակցած էր, այլեւ պատերազմի թէժ օրերուն բազմաթիւ անգամներ մինչեւ Արցախ գացած էր: Չմոռնանք յիշելու հայ կղերը. Տարօն եպս. Ճէրէճեանը, այժմ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդական տեղապահ Մեսրոպ վրդ. Պարսամեանը, Նիսի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր վրդ. Խաչատուրեանը եւ Մարսէյի քահանայից դասը լրիւ կազմով, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ հայր Սուքիաս, եւ աւետարանականներէն պատուելի Ժ. Լեւոնեան:
Տեղւոյս ֆրանսերէն La Provence օրաթերթը Շաբաթ, Նոյեմբեր 9ի իր թիւին ներքին էջերէն մէկուն մէկ-երրորդը կը տրամադրէր այս դէպքին՝ զայն ներկայացնելով ամփոփ կերպով, նախարարին ժապաւէնը կտրած պահուն նկարով:
«Նոր Յառաջ»