ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
Մամուլի մէջ յաճախ անդրադարձ կ՛ըլլայ լեզուական հարցերու, յատկապէս՝ մամուլի լեզուին կապուած դիտողութիւններու ձեւի տակ:
Երեւութապէս լեզուական հարց մը կ՛արծարծէ նաեւ իմ այս մատնանշումս, զոր մամուլի ճամբով կուզեմ ուղղել մեր ե՛ւ մամուլի օրկաններուն, ե՛ւ բարի կամեցողութեան տէր անհատ գրիչներու: Հարց մը, սակայն, միայն երեւութապէ՛ս լեզուական, ու փաստօրէն խորքային, կարեւոր – որովհետեւ ազգային – քաղաքական ու մարդկային բնոյթ ունի:
Ուրեմն, ատենէ մը ի վեր, մեր հանրային ուշադրութեան ա-ռարկայ է (երբե՛մն միայն՝ ուշադրութեան կեդրոնին, ըստ իս՝ դժբախտաբար), «մահմետական հայերու» գոյութեան փաստը, մշակութա-բնակչագրական երեւոյթը, արծարծուող՝ տեղեկատուական եւ մեկնաբանական մակարդակներու վրայ: Ու շատ յաճախ, այդ համրանքը բնորոշելու համար՝ կը գործածուի «իսլամացած հայեր» եզրոյթը:
Խորհրդածական տարրական կեդրոնացում մը պիտի բաւէր անդրադառնալու, որ այս «իսլամացած»ը, ի տարբերութիւն՝ նոյն դերբայի կրաւորական՝ «իսլամացուած» ձեւին, կը թելադրէ ներգործական, կամաւոր կրօնափոխութեան գաղափարը: Այսինքն կը զեղծէ, կը նենգափոխէ պատմութեան փաստերը, թէկուզ ակամայ:
Կարծեմ կարիք չկայ բանականութեան ու խիղճի տէր, նաեւ պատմական փաստերու տարրական չափով ծանօթ ոեւէ հայու, եւ առհասարակ ոեւէ մարդ արարածի, բացատրելու, թէ ինչպիսի՛ պայմաններու տակ հաւատքէ ու ինքնութենէ հրաժարեցան հայ մարդիկ ասկէ հարիւրամեակ մը առաջ…
Չեմ մանրամասներ ուրեմն: Տեղեկատու մամուլ եւ հրատարակութիւններ կը բաւեն լուսաբանելու համար անգիտակ միտքեր, թարմացնելու համար բթացած յիշողութիւններ ու թմրած խիղճեր, եթէ կան:
Այս թեմայով՝ նկատուեցաւ, որ Պոլսոյ Պօղազիչի համալսարանի խորհրդաժողովը, անցեալ շաբաթավերջին, կ՛ընդգծէր հոս նշուած տարբերութիւնը իր ձեւով, գործածելով «իսլամաց-(ու)ած» միջանկեալ փակագծուած ու մը, թերեւս կամաւոր իսլամացման փոքրաթիւ պարագաներ ալ նկատի առած ըլլալու, բայց մանաւանդ՝ խուսափելու համար ժխտողական քաշքշուքներէ, իր խիզախ նախաձեռնութեան հիմնականը հետապնդելու եւ յաջողցնելու հասկնալի առաջադրանքով:
Բայց մենք, որ չունինք կարիք յարգելու այդպիսի անհարկի ու անտեսելի նրբութիւններ, պարտինք միահամուռ գործածել կրաւորական «իսլամացուած»ը, այդ խիստ ձեւով նշելու համար գործընթացին արիւնարբու բռնութեամբ կատարման փաստը, նաեւ չանիրաւելու՝ անհաշուելի համրանքը «ցկեանս նահատակներու» (գործածելով ռահվիրայ-հեղինակ բարեկամի մը՝ հանգուցեալ Գէորգ Աբէլեանի այնքան թելադրական բնորոշումը):
Եթէ ոմանք տակաւին փորձուին այս ճշդումը նկատել լեզուական մանրուք ու սոփեստութիւն, լաւ է՝ զգուշանան որ իրե՛նք չիյնան պատմական եւ մարդկային ճշմարտութիւններ խեղաթիւրելու բուն սոփեստութեան մէջ: Եւ մանաւանդ՝ անդրադառնան, որ ատով կը դառնան առարկայական ձայնակիցներ ու կոյր դաշնակիցներ թուրք պետական քարոզչամեքենային եւ ժխտողականներու ամբոխ-հատուածին, որոնց համար, անշուշտ, «բռնի մահմետականացում չէ պատահած երբեք»…
Հոս տեղը չէ անդրադառնալու իսլամացուած հայերու հարցի էութեան, անոր առնչուող սկզբունքային թէ գործնական, հեռանկարային խնդիրներուն: Ատիկա ա՛յլ նիւթ է, մարտահրաւէրային հսկայ թղթածրար է (ի դէպ. այս ուղղութեամբ՝ մեր մամուլին մէջ երեւցած նորագոյն դրսեւորումներէն՝ կ՛ուզե՛մ յիշատակել գոնէ Գ. Պետիկեանի «ներածական» խորհրդածութիւնը, այնքան պարկեշտ ու սրտբաց): Ուրեմն, յանուն ուղիղ ու արդար լեզուամտածողութեան մը կիրարկման, յստակ սահմանափակումով՝ այս գերզգայուն նիւթին մէջ, պահանջելու պէս կը խնդրեմ արմատախիլ ընել մեր լեզուէն ու մտածողութենէն՝ «իսլամ հայեր», «իսլամացած հայեր» օտարոտի, պիղատոսական եզրոյթները: Եւ փոխարէնը գործածել «իսլամացուած»ը, ի հարկին՝ «բռն»ի մակբայի յաւելում-շեշտումով:
Սրբագրութիւնը, կասկած չունիմ, պիտի բաժնուի բանականութեան ու խիղճի տէր ուշադիր գրիչներու կողմէ, որոնք առիթը կ՛ունենան կարդալու այս տողերը: Նոյն պատճառով, եւ բացառապէս, պիտի խնդրէի, որ արտասահմանեան մամուլը արտատպէր առա-ջարկ-կոչս:
Աթէնք
«Նամականի» վերնագիրով այս գրութիւնը առնուած է «Ազդակ»էն