ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».- ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարա Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20ին ողջունած է Երեքշաբթի օր Վիեննայի մէջ կայացած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:
ԵԱՀԿի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ան գրած է. «Վստահ եմ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը պիտի նպաստէ կողմերուն միջեւ վստահութեան, փոխադարձ ընկալման ամրապնդման, ինչպէս նաեւ դրական լիցք պիտի հաղորդէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին: Կը հաւատանք, որ նման բանակցութիւններ կը ծառայեն խաղաղութեան, կայունութեան երաշխաւորման եւ նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն տարածաշրջանային համագործակցութեան համար: Ուքրանական նախագահութիւնը պատրաստ է աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ջանքերուն՝ հաստատելու համար ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահութեան միջնորդութեամբ կանոնաւոր երկխօսութիւն, որ ուղղուած է միջազգային իրաւունքի հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ ու խաղաղ կարգաւորման»:
ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք եւս յայտնած է, որ գոհ է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման արդիւնքէն՝ աւելցնելով. «Անհամբեր եմ որոշելու միւս քայլերը՝ նախագահներու հանդիպման ընթացքին, որ պիտի կայանայ Քիեւի մէջ, Դեկտեմբերի սկիզբը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.