ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրաւաբանական միութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Նոյեմբեր 23ին տեղի պիտի ունենայ իրաւաբանութեան ճիւղի ուսանողներուն նուիրուած աշխատանիստ մը, «Լոյոլա» իրաւաբանական համալսարանին մէջ: Կազմակերպման կը մասնակցին համալսարանի հայ ուսանողական միութիւնը, համալսարանն ու շրջանի իրաւաբանական այլ համալսարաններու հայ ուսանողական միութիւններ:
Աշխատանիստին նպատակն է ուսանողներուն վարժեցնել աշխատանքի հարցազրոյցներ կատարել, դիմումնագիրներ պատրաստել եւ այլ խորհուրդներ տալ:
Այս նպատակով, հրաւիրուած են խումբ մը փորձառու իրաւաբաններ՝ լաւագոյն խրատները տալու համար ուսանողներուն:
Իրաւաբաններու շարքին են՝ Ռապըրթ Պարոնեան, Էլին Դաւթեան-Քոչարեան, Կարօ Քամարեան, Սարօ Գէրգոնեան, Յովհաննէս Մարգարեան, Տիգրան Բալեան եւ Արմէն Սեֆեան:
Աշխատանիստը պիտի սկսի առաօտեան ժամը 9ին՝ նախաճաշով:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել hovanes@margarianlaw.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.