ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Շաբաթ, Նոյեմբեր 2ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ «Our Lady of Mt. Lebanon- St. Peter» տաճարին, մեծարանքի ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ «Պեվըրլի Ուիլշըր» պանդոկին մէջ, ի պատիւ Մարոնիթ համայնքի նորընտիր առաջնորդ նորօծ Իլիաս Զէյտան եպիսկոպոսի։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց իր շնորհաւորութեան մաղթանքներն ու օրհնութեան խօսքը։ Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը հայկական ձեռաց խաչ մը նուիրեց մեծարեալ եպիսկոպոսին՝ իբրեւ սիրոյ արտայայտութիւն երկար տարիներու գործակցութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.