
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անցեալ Շաբաթ օր Տիգրանակերտի մէջ կայացած եւ թուրք-քիւրտ հաշտութեան հեռանկարով ստեղծուած խանդավառ տեսարանին վրայ ստուեր մը ինկած էր, երբ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային ու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնները խիստ տողերով քննադատած էին այդ հաւաքոյթը եւ նախատինքներ տեղացուցած էին քիւրտ երգիչ Շիվան Փերվերի հասցէին։
Մասնաւորաբար Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի, շատ ծանր կերպով քննադատած էր Փերվերը ու դաւադրութիւն նկատած էր անոր Թուրքիա հրաւիրուիլը՝ 38 տարուան աքսորէ ետք։ Փերվեր Տիգրանակերտ եկած էր Հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի նախագահ Մեսուտ Պարզանիի հրաւէրով ու անոր ընկերակցութեամբ։ Ան հաշտութեան երգեր երգած էր իր քով ունենալով Իպրահիմ Թաթլըսեսը, ու քանիցս յայտարարած էր, որ եկած է հաշտութեան իր նպաստը բերելու համար։
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21ին, Փերվեր պատասխանեց երկու ընդդիմադիր կուսակցապետներուն կողմէ իր դէմ եղած ծանր պարսաւանքին։ Ան ըսաւ. «Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետը իմ անձիս վրայ յարձակեցաւ՝ այսօր մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն նկատուող, ցեղապաշտ եւ հայհոյալից ոճով, բայց ասիկա պիտի չկարենայ արգելք ըլլալ, որ ես շարունակեմ պաշտպանել հաշտութիւնը։ Հաշտութեան ի նպաստ մեր այս նախաձեռնութիւնը, անշուշտ, խուճապ ստեղծած է այն շրջանակներուն մօտ, որոնք բախումներու ու կռիւներու մշակոյթով կ՛ապրին։
Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ (Քեմալ) Քըլըճտարօղլու եւս, որ տերսիմցի քիւրտ մըն է, շահագործեց Ռոպոսքիի սպանդը (թրքական օդուժի մէկ յարձակումին ընթացքին 34 քիւրտերու սպանութիւնը՝ Իրաք-Թուրքիա սահմանին վրայ, 2011ի Դեկտեմբերին), որ վերջին երեսուն տարիներու ամենամեծ ողբերգութիւններէն մէկն էր, եւ ատիկա առիթ նկատեց, որպէսզի վրաս յարձակի: Ասիկա բնաւ վայել չէ կուսակցապետի մը։ Սակայն Քըլըճտարօղլուի ղեկավարած այս կուսակցութեան շարքերէն ներս միշտ մեր դիմաց կ՛ելլէ ցեղապաշտ, ուրացող եւ մարդոց գանկը չափող մտայնութիւն մը։ Կը ձգեմ, որ ժողովուրդը դատէ քիւրտ ժողովուրդի զգացումները շահագործող այս մտայնութիւնը»։ Փերվեր ըսաւ նաեւ, որ որեւէ կուսակցութեան հանդէպ յատուկ նախընտրութիւն չունի, բայց շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն քաղաքագէտներուն, որոնք Տիգրանակերտի մէջ ստեղծեցին հաշտութեան մթնոլորտը։