Պ. ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Օգոստոս 17ին, Քալիֆորնոյ Հայ գրողներու միութիւնը Հայաստանի իր քոյր մասնաճիւղէն ելեկտրոնային հրաւէր ստացաւ, իր մասնակցութիւնը բերելու համար 20 Հոկտեմբերին գումարուելիք ՀԳ Միութեան նախագահական ընտրութիւններուն, նորոգ ողբացեալ Լեւոն Անանեանի թափուր մնացած նախագահական պաշտօնը լեցնելու համար:
Այն սփիւռքահայերը, որոնք Հայաստանի գրողներու միութեան կ՛անդամակցին, թէեւ Անանեանի անժամանակ մահուան պատճառած կսկիծէն շանթահար, սակայն օրինակելի գիտակցութեամբ ընդառաջեցին ՔՀԳՄի կոչին ու ըստ իրենց խղճի թելադրանքին՝ ելեկտրոնային միջոցներով Երեւան ուղարկեցին իրենց քուէները:
ՀԳՄ նախագահութեան պաշտօնին համար կային չորս յաւակնորդներ, յանձինս՝ Յովիկ Հովէյեանի, Դաւիթ Սարգսեանի, Ռոմիկ Սարդարեանի եւ Եդուարդ Մելիտոնեանի, որուն մէջ նախկին փոխնախագահի անձն ու ցարդ կատարած կազմակերպչական աշխատանքները ծանօթ էին միութեան սփիւռքահայ անդամներուն: Արդարութեան սիրոյն հարկ է շեշտել, թէ Ե. Մելիտոնեանի կողմէ անձամբ ոչ մէկ ճնշում գործադրուեցաւ սփիւռքեան քուէները ի նպաստ իրեն հունաւորելու. ո՛չ իսկ հեռաձայնի կանչ մը: Մեր վարչութիւնն ալ այդ ուղղութեամբ ձեռնպահ մնալով՝ իր անդամներուն գիտակցութեան ու խիղճին թողուց իրենց նախասիրած թեկնածուին քուէարկելու հոգը:
Ըստ ծրագրուածին՝ Հոկտեմբերի 20ին տեղի ունեցաւ ՀԳՄի նախագահական ընտրութիւնները, որուն նկարահանումը պատկերասփիւռով դիտելու առիթն ունեցանք՝ ցաւով ականջալուր ու ականատես դառնալով հայ գրողին համար անվայել պահուածքներու, որոնց շարքին՝ սփիւռքահայ գրողներուս հասցէին եղած վիրաւորական արտայայտութիւններ, այն պարզ պատճառով, որ միութեան հեռակայ անդամներուն քուէարկելու իրաւունք տրուած էր եւ ձայներու մեծամասնութիւնը՝ 57ի վրայ 40, Մելիտոնեանին գացած էին, առանց մեր կողմէ թոյզն միջամտութեան: Իսկ համագումարի աւարտին, ի տարբերութիւն ժողովասրահին մէջ կարգ մը գրողներու ցուցաբերած խուժանավարի կրքոտ կեցուածքին, պարտեալ թեկնածուները իսկակա՛ն գրողի ու մտաւորականի վայել վերաբերում ցոյց տալով՝ առաջինը եղած էին շնորհաւորելու նորընտիր նախագահը ու բաժակ բարձրացուցած անոր ի պատիւ:
Այստեղ ցաւով պէտք է արձանագրել, թէ անկախութենէն քսաներկու տարի ետք, տակաւին ոմանք չեն հաշտուած մէկ ազգ մէկ ժողովուրդ եւ մէկ մշակոյթ գաղափարին հետ, եւ թրքավարի իրենց ելոյթներով ու անհանդուրժողական ոգիով կը փորձեն պառակտել հայութիւնը՝ անոր միասնականութեան ճիգերուն սեպ խրելով: Առանց այդ ախտաւոր վերաբերումին, այսօր օտար ու անհիւրընկալ այս ափերուն վրայ գոյութեան տագնապ կ՛ապրի սփիւռքահայ գրողը, որ բոլորովին աննեցուկ ու իր բախտին լքուած՝ հազար դժուարութիւններու գնով կը փորձէ հայ դպրութիւնն ու մշակոյթը կենդանի պահել: Թող հայրենի նեղմիտ մեր բարեկամները լա՛ւ իմանան, որ եթէ իրենց կրած խաչը փայտեայ է, ապա մերը՝ կապարէ ձուլուած է…
Իսկ եթէ հարցը ՀԳ Միութեան շարքերուն մէջ այսպէս կոչուած՝ կասկածելի տաղանդով սփիւռքահայ գրողներու կը վերաբերի, ապա ըսէ՛ք, խնդրե՛մ, թէ ո՞ր հասարակութեան մէջ վաւերական գրողներու կողքին նուազ օժտեալներ եւս գոյութիւն չեն ունեցած: Հայաստանի՞…
ՀԳՄ նորընտիր նախագահ Մելիտոնեանի բնորոշումով իսկ՝ «Հետագային, համատեղ աշխատելու ընթացքում, մենք պէտք է կարողանանք թացը չորից տարբերել», «Անհրաժեշտ է տարբերակել նաեւ գրողին՝ չգրողից, գրականութեան արժէքները՝ անարժէքութիւնից»:
Գալով ՀԳՄ կողմէ օրէնքի ճամբով սփիւռքահայ գրողներուն շնորհուած քուէարկութեան իրաւունքին, ապա ատիկա որեւէ միութեան լիիրաւ անդամի աստուածատուր իրաւունքն է: Արտասահման ապրող ու ստեղծագործող ՀԳ Միութեան ոեւէ անդամ, կրնայ արդի հաղորդակցութեան միջոցներով քուէարկել իր նախասիրած թեկնածուին ի նպաստ. կը կրկնենք՝ ան կրնայ ընտրել, սակայն չի կրնար ընտրուիլ, եթէ հայրենաբնակ չէ:
Ոմանց մօտ, դժբախտաբար, տիրական ըլլալ կը թուի այն անհեթեթ համոզումը, թէ՝ որպէսզի ՀԳՄ սփիւռքահայ անդամը քուէարկելու իր իրաւունքը արժեւորէ, պայման է որ ան անձամբ համագումարին ներկայ գտնուի… Այո՛, հայրենի գրչեղբայրներ, ձեր ցաւը տանիմ, ատիկա բոլորիս ալ սրտին թաքուն իղձը կը մնայ: Սակայն կամենալը յաճախ կարենալ չի նշանակեր: Այսօր ամերիկահայ գրողի մը հայրենիք այցելութիւնը, նուազագոյնը երեքէն չորս հազար տոլարի ծախս մը կ՛ենթադրէ: Գոնէ մեր ճանչցած սփիւռքահայ գրողներէն շատ քիչերը կարողութիւն ունին այդպիսի ահռերի ծախսերու տակ մտնելու՝ ընտրական իրենց պարտականութիւնը կատարելու համար, երբ Ամերիկայի տարածքին կանոնաւոր հրատարակչականի մը չգոյութեամբ, անոնց նոր ստեղծագործութիւնները, մեծաւ մասամբ, դատապարտուած են անտիպ մնալու…
Մենք շատ լաւ կը հասկնանք համագումարին ամբոխավարական յայտարարութիւններ կատարողներուն հոգեվիճակը, որ ստեղծագործ մարդուն համար Հայաստանի մէջ տիրող ընկերային անապահով կացութիւնը ունի որպէս խորք: Իսկ ի՞նչ անուն տալ տասը տարիէ ի վեր Ամերիկան հարուածող տնտեսական տագնապին ու անգործութեան… Ի դէպ, փորձով գիտենք, թէ դրսեցիներուն համար Միացեալ Նահանգները կախարդական տարբեր դիւթանք ունի… Թող որ համագումարը խանգարող մեր բարեկամները գան ու այս երկրին մէջ իրենց ճակատի քրտինքով գոյատեւեն, եւ տակաւին՝ գրականութեամբ ալ զբաղին… ապա չորս հազար տոլար ծախսելով՝ ՀԳՄ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցին:
Մենք կը հաւատանք, թէ ստեղծագործ մարդը եւ մասնաւորապէս գրողը, պարտի ամէն բանէ առաջ մեծոգի, ուղղամիտ, ազնիւ ու հայրենասէր անձնաւորութիւն մը ըլլալ… Ահա այստե՛ղ փնտռել ազգային մեր դժբախտութիւնը…