ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան Համագաղութային վարժարանին նեցուկ կանգնելու նպատակով, համայնքէն խումբ մը անդամներ՝ գործակցութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսանողական խորհուրդին, անձնակազմի ծնողներուն ու աշակերտութեան, նախաձեռնած են հեռաձայնային դրամահաւաքի արշաւի մը, որուն յաջող մեկնարկը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 16-17 շաբաթավերջին:
Այդ շաբաթավերջին, կարելի եղած է դիմել մօտաւորապէս 2800 հայորդիներու՝ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ տարածքին. անոնցմէ կարելի եղած է ապահովել 9705 տոլարի նուիրատուութեան խոստումներ:
Վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները նաեւ եղած են շրջանի «Հայ Ուժ» ձայնասփիւռի յայտագիրին հիւրերը՝ ներկայացնելով արտասանութիւններ եւ երգեր, ու հարցազրոյցներ ունենալով Տի.Ճէյ. Տաթեւիկի հետ:
Այս արշաւին միանալու համար, դիմել (559) 323-1959 թիւին կամ raise4keyan@gmail.com հասցէին: Վարժարանի համացանցային կայքին հասցէն է՝ www.ckacs.org:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.