ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15ին, Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանը մեծարեց իր երկարամեայ ուսուցիչ Նիլ Տատը՝ գնահատելով անոր նուիրումը եւ շարունակուող սպասարկութիւնները:
Այս առիթով, ընդառաջելով վարժարանի տնօրէնութեան խնդրանքին՝ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այդ վաստակաւոր ուսուցիչը պատուեց Օրհնութեան գիրով մը: Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին ու ընթերցեց առաջնորդի Օրհնութեան գիրը: Ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութեան անդամներ, վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան, անձնակազմի անդամներ, ուսուցիչներ, աշակերտներ, ծնողներ եւ Մոնթեպելլոյի մեծ ընտանիքը:
Իր Օրհնութեան գիրին մէջ, սրբազանը վեր կ՛առնէր վաստակաշատ ուսուցիչին ներգործօն դերը՝ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի յարկին տակ ու աշակերտներու կեանքին մէջ, աւելի քան 40 տարիներու ընթացքին: Առաջնորդը դրուատիքով կ՛արտայայտուէր նաեւ վարժարանի տնօրէնին, ուսումնական մարմինին եւ անձնակազմին մասին, որոնք ազնիւ գաղափարը ունեցած են պատուելու այս նուիրեալ ուսուցիչը:
Նիլ Տատ 1973էն ի վեր կը դասաւանդէ «Մեսրոպեան»ի մէջ եւ ուսուցչութեան կողքին՝ վարած է պատասխանատու պաշտօններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.