
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Ազգային ժողովի 5 Դեկտեմբերի նիստին քն-նարկուեցաւ «Պետական պաշ-տօններ զբաղեցնող անձանց վարձատրութեան մասին» օրէնքի լրացուցիչ թղթածրարը: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան այս առնչութեամբ նշեց, որ կառավարութիւնը չէ ընդունած ներկայացուած առաջարկներուն մեծ մասը։
ՀՅԴ խմբակցութիւնը կողմ է վարձատրութեան միասնական համակարգին, քանի որ երկար տարիներէ ի վեր պայքարած է այդ օրէնքի նախագիծին համար: Խօսքը 36 հազար պետական պաշտօնեաներու մասին է, սակայն, ըստ Մինասեանի, կարեւոր է, որ հետագային այդ օրէնքը զարգացում ունենայ ու տարածուի նաեւ հանրային ծառայողներուն վրայ: Ըստ այդմ՝ կրթական ու առողջապահական համակարգերը հետագային եւս պէտք է մտնեն այդ դաշտը:
Արծուիկ Մինասեանի համաձայն, կրթական հաստատութիւններուն մէջ, յատկապէս՝ հանրակրթական դպրոցներուն, վարձատրութեան համակարգը անբնական պատկեր կը պարզէ: «Սահմանուել է ինչ որ ժամանաքանակ ուսուցիչների համար, դրանով ուսուցիչների վրայ բեռն աւելացել է, արդիւնքում ստացւում է, որ ուսուցիչը վճարւում է միայն դասարան մտնելու համար, իսկ մնացած բեռնուածութեան համար չի վճարւում, ինչը անարդար մօտեցում է», դիտել տուաւ ան: Ան մատնանշեց նաեւ առողջապահութեան ոլորտը, ուր եւս չկայ արդար վարձատրութիւն, ինչ որ կը նշանակէ, որ կարելի չէ ակնկալել որակաւոր բժշկութիւն: Ահա թէ ինչու վարձատրութեան պարագային պետական քաղաքականութիւնը պէտք է միասնական ըլլայ, դիտել տուաւ ան։
«Չի կարող մի հիւանդանոցում դոկտոր-պրոֆեսոր վիրաբոյժը ստանայ 50 հազար դրամ: Մեզանից իւրաքանչիւրը կը մտածի՝ ուրեմն, նա լաւ մասնագէտ չէ, որ այդքան է ստանում: Հերիք չէ նրան արժանւոյնս չենք գնահատում, նման վարձատրութեամբ մղում ենք այլ գործողութիւնների կամ կոռուպցիայի», նշած է Մինասեան՝ կարեւոր նկատելով վարձատրութեան միասնական համակարգը, որ ապագային եւս մասնաւոր հատուածին ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպէս կը կատարուի վարձատրութիւնը:
Այս պարունակին մէջ՝ խօսելով պետական գնումներու ոլորտին մասին, Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ այդ ոլորտին մէջ մասնակցութիւն ունեցող որեւէ մասնաւոր կառոյցի սահմանած վարձատրութիւնը պէտք չէ նուազ ըլլայ հանրային ծառայութեան համակարգին մէջ ճշդուածէն: