
ՔԻԵՒ, «Թրենտ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին, Քիեւի մէջ կայացող ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին համար Ուքրանիա այցելող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու եւ Ատրպէյճանի անոր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարով երկկողմանի հանդիպում մը ունեցած են՝ քննելով երկկողմանի յարաբերութեանց եւ տարածաշրջանի վերջին իրադարձութեանց առնչուող հարցեր:
Քննարկուած են նաեւ Արցախի հակամարտութիւնը լուծելու կարելիութիւնները՝ խոստանալով համակարգել երկու երկիրներու ապագայ քայլերը:
Տաւութօղլու մէկ օր առաջ հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ՝ քննելով «Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը»:
Թրքական Ողբերգութիւն,
Քոչուոր՝ Երկու Ցեղակից եղբայրներու յաճախակի հանդիպումը՝ իրենց մեռած երազին Սգատոնակատարութիւնն է.
Այսինքն՝
Իրենց Հազար տարիներու ասպատակութիւններով Յառաջխաղացումէն ետք Տեղատուութեան Վլվլուկն է
Մինչեւ հասկնան՝
Որ Հայը իր հայրենիքը չի ծախեր,
Եւ կը մնայ իր Հայրենիքին Յաւիտենական պաշտպանը.
Այս նկարագիրն է Հայուն.
Վահան Վանական,
Զուիցերիա