
ՔԻԵՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ակնարկելով նախ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպումին ու ապա անոր եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ ընդարձակ խորհրդակցութեանց, որոնք կայացած էին Քիեւի մէջ, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Հինգշաբթի օր յայտարարեց, որ քննուած են Արցախի տագնապին առնչուող կարեւոր եւ յատուկ հարցեր, «զորս չեմ կրնար բացայայտել»:
Ան աւելցուցած է, թէ համանախագահները Դեկտեմբեր 16ին տարածաշրջան պիտի այցելեն, իսկ իր ու Նալբանդեանի միջեւ յաջորդ հանդիպումը հաւանաբար տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Յունուարի վերջաւորութեան: