
ՔԻԵՒ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանը եւ Էլմար Մամետեարովը 5 Դեկտեմբերին Քիեւի մէջ ունեցած իրենց հանդիպումին համաձայնեցան կրկին տեսակցիլ 2014ի սկիզբը՝ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ:
Քիեւի մէջ ԵԱՀԿ նախարարական խորհուրդի նիստին ընթացքին Մինսկի խմբակի երեք համանախագահ պետութիւններու պատուիրակութիւններու ղեկավարները՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով, Միացեալ Նահանգներու՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարար Վիքթորիա Նուլանտ եւ Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու նախարար Տյերի Ռեպենթին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այս առիթով հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է.
«Յայտարարութեան հեղինակները համաձայնած են շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի արդար եւ խաղաղ լուծման ուղղուած միացեալ աշխատանքը՝ իբրեւ հիմք ընդունելով այն արդիւնքները, որոնք արդէն իսկ ձեռք բերուած են։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները 2014 թուականի սկիզբը տեղի ունենալիք հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ բարձր մակարդակի վրայ հետագայ բանակցութիւններու նախապատրաստման։
Համանախագահ պետութիւններու ղեկավարները կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու վերջերս վերսկսած բանակցութիւնները եւ յոյս կը յայտնեն, որ յառաջիկայ հանդիպումները պիտի նպաստեն լուծման հոլովոյթի հետագայ յառաջընթացին»։
Համանախագահ պետութիւններու ներկայացուցիչները նաեւ կոչ կ՛ուղղեն հակամարտող կողմերուն՝ քննարկելու այն գործողութիւնները, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ նուազեցնել շրջանին մէջ առկայ լարուածութիւնը։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դիւանագիտական նախարարութիւններու ղեկավարներու դիրքորոշման մասին քիեւեան յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Նախարարները նշեցին, որ շրջանի բնակչութիւնը կ՛ակնկալէ եւ արժանի է, որ լուծման հոլովոյթին մէջ որոշակի յառաջընթաց արձանագրուի։ Այս հոլովոյթը շատ ձգձգուած է»։
Ինչ կը վերաբերի նախարարներու նախանցեալ օր տեղի ունեցած հանդիպման, ապա անոր աւարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, որ Մինսկի խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շաբաթներուն կրկին շրջանային այցելութեամբ հակամարտութեան գօտի պիտի այցելեն։