ԵՐԵՒԱՆ.– 22 Նոյեմբերին Երիտասարդական խորհրդարանը նախագահեց ՀՅԴ ներկայացուցիչ, Երիտասարդական խորհրդարանին մէջ ՀՅԴ ֆրակցիայի նախագահ Ազատուհի Սիմոնեանը: Նիստի օրակարգին վրայ էին 3 օրէնսդրական հարցեր՝ «Փաստաբանութեան մասին» Հայաստանի հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին՝ հեղինակ ԲՀԿ խմբակցութեան նախագահ Մակար Եղիազարեան, «Ճանապարհային երթեւեկութեան անվտանգութեան ապահովման մասին» Հայաստանի հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին՝ հեղինակներ Տիգրան Սարդարեան, Ժաննա Յարութիւնեան, Յովհաննէս Թորոսեան, «Զինապարտութեան մասին» Հայաստանի հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին՝ հեղինակ Արմէն Օհանեան: Նիստի վերջին մէկ ժամը առաջին անգամ ըլլալով Երիտասարդական խորհրդարանին մէջ եղաւ յայտարարութիւններու ժամ, որուն ընթացքին հնչեցին մօտ երկու տասնեակ ելոյթներ եւ խօսք առին նաեւ ՀՅԴ խմբակցութենէն Հուրի Բաղդասարեանը, Ազատուհի Սիմոնեանը եւ Նայիրի Սաղաթելեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Կը նախագահեն բանի մը, ո՛չ թէ բան մը: Նախագահել բային խնդիրը կ’ըլլայ տրական հոլով և ո՛չ թէ հայցական հոլով: