ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ճատրակի Հայաստանի տղոց հաւաքականը կորսնցուց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը՝ զայն զիջելով Ռուսիոյ։ Հայաստանի հաւաքականը վերջին հանգրուանին ուժերը չափեց Ուքրանիոյ հաւաքականին հետ եւ պարտուեցաւ 1.5-2.5 արդիւնքով:
Առաջին հանգրուանին խաղցան Լեւոն Արոնեան-Վասիլի Իվանչուք զոյգը: Անոնք փոխանակեցին 30ական քայլ եւ աւարտին հասան հաւասար արդիւնքով: Յաջորդ խաղին Վլադիմիր Յակոբեանը 43րդ քայլին զիջեցաւ Անթոն Քորոպովին: Տիգրան Պետրոսեանը 5 ժամ 30 վայրկեան տեւողութեամբ խաղալէ ետք իր միաւորը կիսեց Ալեքսանտր Արեշչենքոյի հետ: Գաբրիէլ Սարգսեան-Ալեքսնատր Մոիսէենքօ զոյգը աւելի քան 6 ժամ տեւած խաղէ ետք կրկին կիսեց միաւորը: Հայաստանի հաւաքականին միայն յաղթանակ մը անհրաժեշտ էր՝ պրոնզէ մետալին արժանանալու համար:
Նշենք, որ 9 խաղերու ընթացքին Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականը կրցաւ արձանագրել միայն 3 յաղթանակ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.