ԵՐԵՒԱՆ.– Բնապահպանութեան նախարարութիւն տուած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պատասխանած է աշխատակիցներուն հարցումներուն, որոնք յատկապէս կը վերաբերին Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան միանալու որոշման յաջորդող զարգացումներով եւ Ռուսիոյ նախագահին Հայաստան կատարած պետական այցելութեան արդիւնքներուն:
Պատասխանելով Մաքսային միութեան եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու խոստումնալից հեռանկարին վերաբերեալ հարցումի մը՝ նախագահը ըսած է. «Ե՛ւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններում, ե՛ւ Մաքսային միութեան հետ կապուած՝ ես տեսնում եմ դրական տեղաշարժեր, տեսնում եմ լաւ հնարաւորութիւնների առկայութիւն: Ի հարկէ, Մաքսային միութեան մասով դեռեւս կը խօսեմ եւ հանգամանօրէն կ՛անդրադառնամ ապագայում, որովհետեւ մինչ բանակցութիւնների աւարտը ես նպատակայարմար չեմ համարում բոլոր առաւելութիւնների եւ հնարաւորութիւնների մասին խօսել: Կ՛աւարտենք բանակցութիւնները՝ այդ ժամանակ, իրօք, շատ մանրամասն կը խօսենք ընձեռնուած հնարաւորութիւնների մասին: Ակնյայտ է, որ իմ այս խօսքերը մեր հասարակութեան տարբեր շերտեր կարող են տարբեր կերպ մեկնաբանել եւ նորից ասել՝ գաղտնի բանակցութիւններ են վարում: Այնուհետեւ գալու են ասեն՝ այդ դէպքում մեր կարծիքը ի՞նչ նշանակութիւն ունի եւ այլն: Մի անգամ էլ պէտք է ասեմ, որ աշխարհում չկայ որեւէ բանակցութիւն, որի մանրամասները քննարկուեն հասարակութեան բոլոր խաւերի հետ»:
Ռուսիոյ նախագահին այցելութեան անդրադառնալով՝ նախագահ Սարգսեան յայտնած է, որ անիկա առիթ էր վերահաստատելու երկու երկիրներու ռազմավարական յարաբերութիւններու բնոյթը, ինչպէս նաեւ նոր հեռանկարներու գծով քննարկում կատարելու։ «Այցը, ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները, իրօք, շատ մեծ հնարաւորութիւններ են ստեղծում. հնարաւորութիւններ տնտեսութեան ոլորտում եւ շատ աւելի սերտ համագործակցութեան հնարաւորութիւններ անվտանգութեան ոլորտում: Գիւղատնտեսութեան ոլորտում եւս շատ մեծ հնարաւորութիւններ են բացւում: Միայն 2013 թուականին մենք Ռուսաստան արտահանումն աւելացրել ենք 25 տոկոսով՝ մէկ քառորդով: Դա շատ մեծ թիւ է: Բայց մէկ բան յստակ պէտք է հասկանանք, որ ռուսները չեն գալու մեր փոխարէն աշխատեն: Այդ հնարաւորութիւնները մենք պէտք է կարողանանք իրականութիւն դարձնել, մենք պէտք է կարողանանք աւելի կազմակերպուած աշխատել, կարողանանք արդիւնքներ ստանալ: Եթէ մենք չկարողացանք՝ մեզ կարող են օգնել, կարող են օժանդակել, բայց որեւէ մէկը մեր փոխարէն չի աշխատելու: Սա պէտք է յստակ գիտակցենք», շեշտած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Խորհրդակցական հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուած է բնապահպանութեան նախարարութեան գործունէութեան, անոր դիմաց դրուած առաջադրանքներուն։ Խօսելով ապօրինի կերպով օգտագործուող հորերուն եւ ոլորտի այլ խնդիրներու մասին՝ նախագահը շեշտած է, որ այդ բոլորով հետաքրքրուող մարդոց, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն ձայնը պէտք է լսելի ըլլայ, եւ ատիկա նախարարութեան պարտականութիւններու ծիրին մէջ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.