ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քանի մը օրէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ ծագած է աննախընթաց բանավէճ մը՝ «թուրք ցեղ մը կա՞յ, թէ չկայ» հարցին շուրջ։ Այսքան սուր հարցումի մը օրակարգ բերուիլը նշանակալից է, մանաւանդ որ այսպիսի բանավէճի մը ծնունդ տուողը իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինի անդամ մըն է՝ Եասին Աքթայը:
Աքթայ համագումարի մը ընթացքին յայտնած էր, որ սխալ էր երկրին մէջ ամէն իրագործում վերագրել թուրքերուն: «Եթէ այսպէս ընես, Թուրքիան պառակտումի ու բաժանումի սեմին կը հասցնես ու դժգոհ կը ձգես Թուրքիոյ մէջ ապրող միւս մարդիկը։ Այս պատճառվ, շատ կարեւոր է հիմա ընդունիլ «ազգ»ի մասին նոր բացատրութիւն մը, որ հիմնուած պիտի ըլլայ «հայրենակից» բառին վրայ։ Ի վերջոյ, ազգ բառին ինչ ըլլալը քաղաքագէտներու առաջարկած պարունակով կը ճշդուի։ Քեզի ըսեր են, թէ դուն թուրք ես։ Ի՞նչ կը նշանակէ թրքութիւն։ Միջին Ասիայէն եկեր ենք։ Եթէ փնտռես՝ կը զարմանաս, որ մեզմէ քանիի՞ն մեծ հայրերը Միջին Ասիայէն եկեր են։ Հարցուցէ՛ք անգամ մը, որ այսպիսի բան կա՞յ։ Օրինակ՝ թուրք ի՞նչ կը նշանակէ։ Թուրք ցեղ մը գոյութիւն չունի», աւելցուցած էր ան։
Ուսանողներու առջեւ արտասանուած այս խօսքերը անհանգստութիւն ստեղծած են ուսանողներուն մօտ. անոնք հարցումներ ուղղած են, իսկ Աքթայ շարունակած է պնդել նոյնը ու ըսած, որ եթէ 3, 4, 5, 6 սերունդ դէպի ետ երթան, կը սկսին տեսնելու ներկայ պատկերէն շատ տարբեր պատկեր մը։ Աքթայի այս խօսքերէն ետք կարգ մը ուսանողներ զայրացած՝ հեռացած են սրահէն։
Իր կարգին, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի խստիւ պախարակեց Աքթայի պնդումը ու անոր գլխաւոր պատասխանատու նկատեց վարչապետ Էրտողանը՝ զայն նկատելով երկիրը պառակտող ու ազգին գոյութեան վտանգող անձ մը: «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դաւաճաններն անգամ խելք չէին ըրած այսպիսի պնդում մը յառաջ քշելու։ Թուրք ցեղ չկայ ըսելը շատ տխուր է եւ մեր ժողովուրդին հասցէին ծանր հայհոյանք է», ըսաւ Պահչելի։
Նաեւ, «Կազի» համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Ճեմալետտին Թաշքըրան յիշեցուց, թէ օսմանեան շրջանին թուրք անունը բաղձալի չէր ու այդ շրջանին թուրքին «էշ թուրք» կ՛ըսէին։ «Եթէ հիմա մենք կը հպարտանանք «թուրք ենք» ըսելով, ապա ատիկա Աթաթիւրքին կը պարտինք», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ «փոքր խմբակ մը կը ջանայ շնորհազուրկ ընել Աթաթիւրքը, բայց պիտի չյաջողի»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.