ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ռուսիա-ՆԱԹՕ խորհուրդի նիստի աւարտին վերահաստատեց դաշինքին դէպի արեւելք տարածման դէմ Ռուսիոյ կեցուածքը՝ յայտնելով, որ Ռուսիա համոզուած է, թէ «ատիկա Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանի հին ու կաղապարուած մտայնութեան շարունակութիւնն է: Ատիկա ոչ միայն կը պահպանէ բաժանման գիծերը, որոնց քանդման բոլորս յանձնառու դարձած ենք, այլեւ այդ գիծերը դէպի արեւելք կը փոխադրէ»:
Խօսելով Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մասին՝ Լաւրով ըսաւ. «Ասիկա Կովկասի մէջ նոր իրականութիւն մըն է եւ այս նոր իրականութիւնը պէտք է ճանչցուի: Ատիկա արդէն իսկ սկսած է որոշ կողմերու միտքերուն մէջ տեղ գտնելու»:
«Այն իրողութիւնը, թէ Ժընեւի մէջ շարք մը քննարկումներու ապահովական ու մարդասիրական հարցերը քննարկելու համար Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, ՄԱԿի եւ ԵԱՀԿի կողքին հաւասար մակարդակի վրայ կը մասնակցին Հարաւային Օսեթիան, Աբխազիան եւ Վրաստանը, կը փաստէ, որ յառաջընթացի համար երկխօսութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի», ըսաւ Լաւրով:
Լաւրով նաեւ աւելցուց, որ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած ժամանակաւոր համաձայնութիւնը այդ վիճելի թղթածրարին համար մնայուն լուծում մը գտնելու լուրջ յոյսեր յառաջացուցած է՝ նշելով, որ այդպիսի լուծում մը պիտի վերացնէ Եւրոպայի մէջ ՆԱԹՕի հակահրթիռային վահանի դրդապատճառը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.