ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտից միութեան տարեկան վայելուչ ձեռնարկին ընթացքին, իր երկար տարիներու նուիրեալ սպասարկութեանց համար մեծարուեցաւ համալսարանի տիկնանց օժանդակ մարմինը:
Շաբաթ, Նոյեմբեր 9ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «Wilshire Country Club»ին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը սկսաւ ընկերային պահով մը, իսկ ընթրիքի բացման աղօթքը կատարեց տիկնանց օժանդակ մարմինի համահիմնադիր Սիւզի Ֆիլիփսը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ Վըրճինիա Հարիքեանին, որ տեսլականը ունեցած էր կարօտեալ հայ ուսանողներուն նեցուկ կանգնող նման մարմին մը հաստատելու:
Ապա, Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտից միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ատենապետ Ռաֆֆի Քենտիրճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ դրուատեց տիկնանց օժանդակ մարմինի երկար տարիներու անձնուէր ծառայութիւնները՝ ի սպաս համալսարանին:
Դրուատիքի իր խօսքերը արտասանեց նաեւ «Հայկազեան»ի հոգաբարձական կազմի ատենապետուհի դոկտ. Անի Տարաքճեանը, միաժամանակ՝ օժանդակ մարմինի անդամներուն եւ ներկաներուն փոխանցելով հոգաբարձութեան ողջոյնները:
Ձեռնարկին համար պատրաստուած գրքոյկին մէջ տեղ գտած էին տիկնանց օժանդակ մարմինի պատմականը, ներկայ անդամներուն անունները, ինչպէս նաեւ նախկին ձեռնարկներէ լուսանկարներ:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ 10 վայկեաննոց տեսաերիզ մը, ուր Էլիզապէթ Աղպապեան (Տիկնանց օժանդակ մարմինի միւս համահիմնադիրը), Հերմինէ Ճանոյեան, Սիւզի Ֆիլիփս ու միութեան ներկայ ատնապետուհի Ճոյս Սթայն ներկայացուցին մարմինի գործունէութիւնը եւ պատմեցին յուշեր՝ մատնանշելով, թէ միայն քանի մը հոգիով սկսած այս աշխատանքը արդէն կրցած է ապահովել գրեթէ 300 անդամներու աջակցութիւնը:
Իր կարգին, Կրէյս Քիւրքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանաւարտից միութեան՝ երախտագիտութեան այս իւրայատուկ ձեռնարկին համար:
Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն էր դոկտ. Հրանդ Խաչատուրեան, որ «Սթենֆըրտ» համալսարանի պատուոյ դասախօսներէն է ու անցեալին եղած է «Հայկազեան»ի հոգաբարձական կազմի անդամ: Ան խօսեցաւ բարերարութեան կարեւորութեան մասին ու իբրեւ օրինակ բերաւ տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներուն ցուցաբերած անսակարկ նուիրումը՝ համալսարանը ոտքի պահելու եւ ուսանողներուն օժանդակութեան հասնելու նպատակով: Ան իր խօսքը աւարտեց՝ դրուատելով կանանց այս կազմակերպութեան աշխատանքը:
Ապա, Հայկազեան համալսարանի տնօրէն դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան տեղեկութիւններ փոխանցեց համալսարանի ներկայ գործունէութեան, ուսանողութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, որոնց շարքին են համալսարանի 60ամեակի տօնակատարութեան ձեռնարկները: Անոր խօսքէն ետք, համալսարանի հոգաբարձութեան եւ շրջանաւարտից միութեան կողմէ յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներուն, իսկ փակման աղօթքը կատարեց համալսարանի նախկին տնօրէններէն՝ դոկտ. Ճան Խանճեանը:
Այս ձեռնարկի իրականացման համար ամիսներ աշխատած շրջանաւարտից միութեան անդամներն են՝ Ալեքսանտրա Պեսոս, Խաչիկ Հաւաթեան, Յակոբ Գազազեան, Մարօ Գազազեան, Ռաֆֆի Քենտիրճեան (ատենապետ), Քաթիա Գերմոյեան-Խոտանեան ու Հուրի Դաւիթեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.