Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2013: Անհամբեր սպասուած թուական մը: CSUN Valley Performing Arts Center-ը ժամանակէն առաջ արդէն խճողուած էր «Նայիրի» պարախումբի անդամ-անդամուհիներու ծնողներով, բարեկամներով, համազգայնականներով եւ համակիրներով, որոնց առաջին տպաւորութիւնը սրահի շքեղութիւնն էր, որ հիացմունք կը պատճառէր:
Հանդիսութիւնը սկսաւ որոշուած ժամուն:
Հանդիսավար Մարօ Գասպարեանի բացման խօսքէն ետք, օրուան պատգամը փոխանցեց շրջանիս Համազգայինի ատենապետուհի Աշխէն Փափազեանը, որմէ ետք սկսաւ անհամբեր սպասուած ելոյթը, եւ բեմը զարդարեցին «Մինինիկներ»ը, որոնք իրենց մանկական, ուրախ ելոյթով, խելքահան ըրին իրենց ծնողները, մանաւանդ՝ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը:
Պարերը յաջորդեցին իրարու: Գրեթէ բոլոր պարերն ալ զուտ հայկական էին: Մեր վաստակաշատ պարուսոյցները՝ Գաթրին Հայրապետեան եւ Արի Լիպարիտեան, ջանք չէին խնայած, որ յայտագիրը ունենայ զուտ հայկական մշակութային բնոյթ: Տարիքային կարգով կազմուած խումբերը յաջորդաբար ներկայացան բեմ իրենց հիասքանչ տարազներով: Անկարելի էր չհիանալ պարուսոյց Գաթրին Հայրապետեանի ունեցած նուրբ ճաշակով եւ տարազներու այլազանութեամբ: Իւրաքանչիւր պար աւելի հմայիչ կը դառնար իրեն յարմար զգեստաւորումով, աղջիկներու նուրբ եւ ճկուն շարժումներով: Իսկ Արի Լիպարիտեանը, իր հզօր շարժումներով մարզած տղոց հետ բեմը թնդացուց. անոնք մեզ տարին Հայաստան, Արցախ, մեր ֆիտայիներուն մօտ՝ մեզի պարգեւելով անմոռանալի պահեր:
Յայտագիրը կը ճոխանար մերթ ընդ մերթ հանդիսավար Մարօ Գասպարեանի զգացումներով լեցուն ասմունքներով: Յիշատակելու արժանի են անխտիր բոլոր մենակատարները՝
«Ուզունտարա»ի մենակատարուհի՝ Սեդա Սարգիսեան
«Սարդարապատ»ի մենակատար՝ Վարանդ Չալիքեան
«Շալախօ»ի մենակատարուհի՝ Մայա Սարգիսեան
Կինտոներու պարի մենակատարներ՝ Լարա Պաղտոյեան, Նանօր Մարտիրոսեան, Լեւոն Փանոսեան
Իսկ Հովիւներու մենակատարներ՝ Արենի Չալիքեան, Արման Հայրապետեան եւ Հրակ Բելթիքեան:
Ներկաները, գոհունակ ժպիտը իրենց դէմքերուն, ընդհանուր գեղեցկութեան մէջ իրենց զաւակներն ու թոռները կը փնտռէին, անոնցմով կ՛ուրախանային, անոնցմով կը հպարտանային:
Ձեռնարկը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ. ամիսներու աշխատանքը եւ փորձերը ապարդիւն չանցան: Այս առթիւ շնորհակալութեան արժանի են պարախումբի անդամ-անդամուհիներու ծնողները, որոնք ամէն գործ ձգած՝ ամէն շաբաթ իրենց զաւակները կը հասցնէին փորձի վայր. իրենք եւս այս ձեւով սատարեցին հայ մշակոյթին:
Ձեռնարկի յաջողութիւնը կը պարտինք նաեւ պատասխանատու ծնողներուն՝ «Team» մայրերուն, երաժշտութեան, դիմայարդարումին, զգեստաւորման պատասխանատուներուն, բոլոր կամաւոր աշխատողներուն եւ նուիրատուներուն:
Շնորհակալութիւն բոլորի՛ն, անխտիր:
Նշենք, որ «Նայիրի» պարախումբի սոյն ելոյթը ձօնուած էր մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած Անի Գարամարտեանի եւ Ռաֆֆի Հայրապետեանի: Անոնց յիշատակը յաւերժ պիտի մնայ բոլորիս եւ մասնաւորապէս Համազգայինի ընտանիքի անդամներու սիրտերուն մէջ:
Համազգայինը, իր բազմաթիւ ձեռնարկներու շարքին, յաջողեցաւ մեզի պարգեւել այս հրաշալի ելոյթը, որուն համար կը շնորհաւորենք շրջանիս վարչութեան անդամները, զոյգ պարուսոյցները եւ բոլոր անոնք, որոնք անսակարկ սատարեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան:
Վարձքը կատար բոլորին:
(Ներկայ Համազգայնական)