
ՓԱՍԱՏԻՆԱ, «Նոր Օր».- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26ին, Հայթայեան եղբայրներու «Փանտորա ան Կրին» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիպրոսի Մելգոնեան սանուց եւ բարեկամներու տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը։ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան (ՄԿՀ) շրջանաւարտներ այս տարի պատուեցին վաստակաշատ ուսուցիչ, դաստիարակ, տնօրէն եւ գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեանը։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը։ Ներկայ էին նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Կիպրոսի հիւպատոս Անտրէաս Քիփրիանիտիս, մեծարեալին եղբայրը՝ Մուշեղ Ա. քհնյ. Թաշճեան, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի տնօրէն Յակոբ Յակոբեան, երկարամեայ ուսուցիչ եւ անցեալ տարուան մեծարեալը՝ Գէորգ Յակոբեան։
Սանուցի ատենապետ Ռաֆֆի Ցնծալեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա Վերգինէ Միսիրեանի առաջնորդութեամբ՝ խումբ մը շրջանաւարտներ երգեցին ՄԿՀի քայլերգը։
Յաջորդեց ցուցադրութիւնը կարճ ժապաւէնի մը՝ Վարդան Թաշճեանի կեանքէն դրուագներու մասին, պատրաստուած Ժիրայր Մակարեանի կողմէ, ապա բեմ հրաւիրուցեաւ Գէորգ Յակոբեան՝ Վարդանի համալսարանական տարիներու դասընկերը, ապա պաշտօնակիցը ու բարեկամը, որպէսզի ներկայացնէ մեծարեալին կենսագրականը։
Ռաֆֆի Ցնծալեան բեմ հրաւիրեց Վարդան Թաշճեանը ու ներկաներու յոտնկայս ծափահարութիւններուն ընկերակցութեամբ՝ անոր յանձնեց գնահատանքի յուշատախտակ մը։ Մեծարեալը ողջունեց ներկաները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ու ձեռնարկը կազմակերպողներուն:
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին ներկաները շարունակեցին զուարճանալ՝ պարելով, մեծարեալին հետ նկարուելով ու մտերմիկ խօսակցութիւններ ունենալով։
Յաջող եւ գնահատելի ձեռնարկ մը եւս։ Կը սպասենք յաջորդին։
(Քաղուած՝ Երանուհի Ղազարեանի թղթակցութենէն)