ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Արաքսի վրայ Իրանի հետ երկու ՀԷԿերի կառուցումը կը սկսուի 2014ին», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է Հայասատանի ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեանը՝ կառավարութեան նիստէն ետք: Ան աւելցուցած է, որ նախագծային աշխատանքները արդէն աւարտած են, իսկ շինարարական աշխատանքները հաւանաբար սկսին յառաջիկայ տարի:
Յիշեցնենք, որ Մեղրիի ջրելեկտրակայանին հիմնարկէքը տեղի ունեցած է մէկ տարի առաջ՝ 2012 Դեկտեմբերին: Շինարարութեան արժէքը 323 միլիոն տոլար է: Նախատեսուած է, որ այդ գումարը տրամադրէ Իրանը: 2017էն սկսեալ եւ 15 տարիներու ընթացքին կայանի ամբողջ ելեկտրականութիւնը պիտի մատակարարուի Իրանին՝ շինարարութեան ծախսերը փակելու: Անկէ ետք կայանը պիտի դրուի Հայաստանի տրամադրութեան տակ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.