ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը 12 Դեկտեմբերին մեկնած է Ֆրանսայի հայոց թեմ, ուր նոյն օրը Փարիզի մէջ ներկայ գտնուած է իր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած աշխարհահռչակ օփերային երգչուհի Մոնսերաթ Քապալյէի մեծարման երեկոյին ու անոր «Հայաստան եւ Արցախ. Քրիստոնէութեան կղզեակ» ալպոմի շնորհանդէսին: Այս աղթիւ Փարիզ մեկնած է նաեւ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը:
Այցելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ եկեղեցական վարչական անդամներու հետ:
Մշակոյթի նախարարը Փարիզ իր այցելութեան ընթացքին պիտի այցելէ «Կարնիէ» օփերա եւ «Օրսէ» թանգարան, որոնց տնօրէններուն հետ պիտի քննարկէ հետագայ համագործակցութեան ծրագիրներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.