
ԵՐԵՒԱՆ.– Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան 29րդ նախարարական նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ամփոփած է կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի վեցամսեայ նախագահութեան արդիւնքները:
«Հայկական նախագահութեան ընթացքում կազմակերպուել են շուրջ 70 միջոցառումներ, առաջ են քաշուել մի շարք նախաձեռնութիւններ՝ ուղղուած «Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան տնտեսական օրակարգի՝ խորացուած գործընկերութեանն ընդառաջ» եւ «Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան Հանրային կապի ռազմավարութեան» դրոյթների կեանքի կոչմանը:
Կէս տարի առաջ, երբ Հայաստանը ստանձնում էր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահութիւնը, մենք յայտարարեցինք, որ նպաստելու ենք նրա աշխատանքներին՝ ուղղուած սեւծովեան տարածաշրջանի տնտեսական համագործակցութեան խթանմանը, կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան եւ միջազգային ասպարէզում նրա տեսանելիութեան բարձրացմանը:
Որպէս Տեղեկատուական եւ Հեռահաղորդակցման տեխնոլոգիաների աշխատանքային խմբի համակարգող յատուկ ուշադրութիւն ենք դարձրել տեղեկատուական տեխնոլոգիաների ոլորտում փոխգործակցութեան խթանմանը», յայտնած է ան։
Նալբանդեանի համաձայն, այդ ժամանակաշրջանին ընդունուած են զբօսաշրջութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան խթանման ուղղուած հռչակագիրներ, քայլերու ձեռնարկուած է՝ աշխատանքային խումբերու օրակարգերու արդիականացման, միջազգային կազմակերպութիւններու, դիտորդներու եւ ճիւղային երկխօսութեան գործընկերներու հետ համագործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ քարտուղարութեան մէջ բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ:
Նախարարական հանդիպման ընթացքին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան նախագահութիւնը Հայաստանէն փոխանցուեցաւ Պուլկարիոյ: Նալ-բանդեան այս առիթով շնորհաւորած է պուլկարացի պաշտօնակիցը եւ վստահեցուցած է, որ պուլկարական նախագահութիւնը կրնայ ապաւինել Հայաստանի աջակցութեան՝ իր ծրագիրներու գործադրութեան համար:
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան անդամ երկիրները ներկայացնող պատուիրակութիւններու ղեկավարներն ու ՍԾՏՀ գլխաւոր քարտուղարը իրենց խօսքերուն մէջ բարձր գնահատած են Հայաստանի գործունէութիւնը՝ որպէս կազմակերպութեան նախագահող երկիրի, նշելով, որ այդ շրջանին համագործակցութեան աշխատանքները աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ եղած են։
Նշենք, որ նիստին կը մասնակցէին պատուիրակութիւններ կազմակերպութեան անդամ 12 երկիրներէ, 9 դիտորդ եւ ներկայացուցիչներ գործընկեր երկիրներէ, ՍԾՏՀ կառուցուածքային կազմակերպութիւններէ եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ:
Հանդիպումի օրակարգին վրայ էին Սեւծովեան տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան խորացման, կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով անդամ-պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման եւ ընդլայնման, ՍԾՏՀ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ԵՄ համագործակցութեան խթանման հարցերը: