«Ասպարէզ»ի բարեկամ Ալպեր Մինասեանը, որ ատանձնած էր 1940ի «Ասպարէզ»ի թիւերու թուայնացումը, իր սիրելի կնոջ՝ Ժանէթի, մահուան 6րդ տարելիցին առթիւ (այսօր կը լրանայ տարելիցը) ստանձնած է «Ասպարէզ»ի 1930ի (Ժանէթի ծննդեան տարին) թիւերու թուայնացման հովանաւորութիւնը՝ նուիրելով երկրորդ հազար տոլար գումար մը:
Ալպեր Մինասեան կը շարունակէ նաեւ «Ասպարէզ» նուիրել եօթը հոգիի. աւանդոյթ մը, որ ան կը կենսագործէ տարիներէ ի վեր:
Շնորհակալութի՛ւն, սիրելի Ալպեր: Յաւերժ լոյս Ժանէթի յիշատակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.