
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Թուրքիա միջամտած է թուրք հայատեաց գործիչ Տողու Փերինչեքի հայցով Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդունուած տխրահռչակ վճիռի կայացման:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ նշուած է, որ Անգարան պաշտօնապէս ներգրաւուած եղած է Եւրոպական ատեանի դատական գործընթացին մէջ եւ տեսակէտներ ներկայացուցած է դատարանին:
«Պետութիւնը միջամտած է մեր երկիրը մօտէն հետաքրքրող այս դատավարութեան եւ այդ ծիրէն ներս տեսակէտներ յայտնած է ատեանին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը նաեւ Ցեղասպանութեան ուրացումը խօսքի ազատութեան դրսեւորում նկատող Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին որոշումը յաղթանակ մը նկատած է՝ արտայայտուելու ազատութիւնը պահպանողներուն համար, եւ յոյս յայտնած է, որ այս վճիռը «կարեւոր պատասխան մը կ՛ըլլայ Եւրոպայի մէջ ուրացումը քրէականացնող օրէնքները օրակարգ բերել փորձողներուն» համար:
Եւրոպական ատեանը բացայայտօրէն երկակի չափանիշ օգտագործած էր՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնն ու Հրէական Ողջակիզումը իրարմէ զանազանելով:
Հայ փորձագէտները արդէն իսկ յայտարարած են, թէ ատեանին վճիռը Եւրոպայի մէջ թրքական ազգայնամոլութիւնը ամրապնդելուն կրնայ առաջնորդել:
Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան այս յայտարարութիւնը կու գայ փաստելու, որ այդ երկիրը ի վիճակի է միջամտելու նոյնիսկ միջազգային իրաւական գործընթացներուն: