
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի մէջ վերջերս բացուած «Հայաթ ինթըրնեշընըլ» պանդոկային ցանցին պատկանող «Հայաթ Փլէյս Երեւան» պանդոկի կառուցման համար ներդրուած է շուրջ 15 միլիոն տոլար, որուն աւելի քան 9 միլիոն տոլարը ֆինանսաւորուած է «Ամերիաբանկ»ին կողմէ: Դրամատունէն «Արմէնփրէս»ին յայտնած են, որ «Ամերիա» խորհրդատուական ընկերութեան փորձագիտական հետազօտութիւններուն համաձայն, Հայաստան աստիճանաբար իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ զբօսաշրջութեան շուկային մէջ: Վերջին 5 տարուան ընթացքին միջազգային ժամանումներու բաղադրեալ միջին տարեկան աճի տարողութիւնը Հայաստանի մէջ կազմած է 8.6 տոկոս: Նկատի ունենալով, որ Հայաստան կը գտնուի զբօսաշրջութեան աշխոյժ զարգացման սկզբնական հանգրուանին մէջ, ժամանումներու նման տարողութիւն բաւական լաւ կը նկատուի։ Կ՛աճի նաեւ Հայաստանը որպէս հանգստավայր նկատող մարդոց թիւը: Հետազօտութեան համաձայն՝ վերջին 2-3 տարիներուն Հայաստանի մէջ բաւական բարձրացած է պանդոկներուն սպասարկութեան մակարդակը: Միայն 2012ին Հայաստան այցելած է 843,830 զբօսաշրջիկ, որ աւելի քան 11 տոկոսով աւելի է 2011ի ցուցանիշէն:
Նոր պանդոկային ցանցի մասնաճիւղին Հայաստան մուտքը պիտի նպաստէ այս բնագաւառին մէջ մրցակցութեան սրման, սպասարկման որակի բարձրացման, ինչպէս նաեւ նոր աշխատատեղերու ստեղծման: