«Արնէնփրէս».- Ռուս-հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդէն (ՌՀԿՀԽ) կը փոխանզեն, որ Մոսկուայի Ս. Պայծառակերպութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ ցուցադրուած է «Միացում» շարժապատկերը, որ նուիրուած է արցախեան ազատամարտի 25 եւ Կիւլիստանի պայմանագիրի 200 ամեակներուն: Շարժապատկերը արտադրած է «ՀԱՅԱՍԱ» (HAYASA) կեդրոնը:
Շարժապատկերի ցուցադրութիւնը կազմակերպած է ՌՀԿՀԽն, որուն աջակցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ թեմը: «Միացում» ժապաւէնը կը պատմէ արցախեան շարժումի ճակատագիրի, հայ ժողովուրդի միասնականութեան եւ պատերազմին ընթացքին հայկական կամաւորական ջոկատներու յաղթական երթին մասին:
Շարժապատկերի արտադրիչը պատմաբան Տիգրան Մանասեանն է, որ Ռուսիա կը բնակի, իսկ բեմադրիչը՝ Սամուէլ Թադեւոսեանը: Տիգրան Մանասեան առանձնայատուկ կերպով կարեւոր նկատած է հայկական կամաւորական ջոկատներու դերը Արցախի մէջ պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին: «Ոգիի ուժը եւ այն բանի գիտակցութիւնը, որ հայերը կը պաշտպանեն իրենց հայրենիքը, հակառակորդին ստիպած է փախչիլ՝ առանց ետեւ նայելու», նշած է Մանասեան: Շարժապատկերին մէջ կ՛արտացոլան արցախահայութեան դարաւոր աւանդութիւնները, պատմական պայքարը, ինչպէս նաեւ արցախեան հակամարտութեան նախապատմութիւնը եւ բռնագրաւող թուրքերէն հայկական հողերու ազատագրումը:
Շարժապատկերի ցուցադրութեան ներկայ էին նաեւ արցախեան պատերազմի վեթերաններ, Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ:
Ժապաւէնի ցուցադրութեան պատուոյ հիւրերէն էր Հայաստանի Զինէալ ուժերու հիմնադիրներէն, արցախեան պատերազմի հերոս, զօրավար Նորատ Տէր Գրիգորեան: Զօրավարը հանդիսատեսներուն ներկայացուց իր յուշերը եւ հայ ազատամարտիկի յաջողութեան գաղտնիքները: «Մեր ուժը միասնութեան եւ համախմբուածութեան մէջ է», ըսաւ է Նորատ Տէր Գրիգորեանը:
Մեծ թիւով երիտասարդներու «Միացում» շարժապատկերի ցուցադրութեան ներկայութիւնը կը վկայէր իրենց հայրենիքի պատմութիւնը ուսումնասիրելու հարցին մէջ Մոսկուայի հայերու հետաքրքրութէան մասին: «Անոնք կը հասկնան, որ արցախի ժողովուրդի պայքարը տակաւին չէ աւարտած, եւ անիկա այժմ կը շարունակուի դիւանագիտական հարթութեան վրայ: Եւ այդ պայքարը պիտի աւարտի միայն այն ժամանակ, երբ Արցախը պիտի դառնայ ճանչցուած պետութիւն, ինչին կը ձգտի Ստեփանակերտը՝ Երեւանի եւ սփիւռքահայերու աջակցութեամբ», կը յայտնէ Նորատ Տէր Գրիգորեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.