ՍԷՅՆԹ ԼՈՒԻՍ, Միզուրի.- Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրը այս տարի եւս իր մասնակցութիւնը բերած է Միացեալ Նահանգներու Ընկերային ուսմանց ազգային խորհուրդի տարեկան խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 22-24ին, Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման մասին նիւթեր բաժնելով ու դասաւանդման միջոցներու շուրջ ներկայացում մը կատարելով:
Արդարեւ, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի կրթական հարցերու վարիչ Սարա Քոհըն աշխատանիստ մը առաջնորդած է՝ խօսելով «Ցեղասպանութեան հոգեբանութիւնը» նիւթին մասին: Մօտաւորապէս 50 ուսուցիչներ ներկայ էին աշխատանիստին, որուն ընթացքին Քոհըն Հայկական Ցեղասպանութենէն ու այլ ցեղասպանութիւններէ օրինակներ բերելով՝ քննեց ծայրայեղ վայրագութեանց առջեւ դուռ բացող ազդակները, միաժամանակ՝ նման ոճիրներու ընթացքին արձանագրուող կարեկցութեան հերոսական արարքները: Աւարտին, ուսուցիչներուն բաժնուեցան յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման համար հարկաւոր դասանիւթեր:
Միաժամանակ, ամբողջ խորհրդաժողովին ընթացքին, Քոհըն եւ Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի վարչութեան անդամ Ռաքսեն Մաքասճեան խորհրդաժողովի գլխաւոր ցուցադրասրահին մէջ առիթն ունեցան Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման նիւթեր տրամադրելու հարիւրաւոր ուսուցիչներու՝ նշելով, թէ այդ մասին տեղեկութիւններ տրամադրելի են նաեւ TeachGenocide.com կայքէն:
Սէյնթ Լուիս գտնուած միջոցին, Քոհըն եւ Մաքասճեան առիթն ունեցած են նաեւ ներկայ ըլլալու շրջանի ՀԵԴի «Անդրանիկ» ուխտի պարահանդէսին, ուր ներկայացուցած են Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի աշխատանքները. տեղւոյն վրայ նուիրատուութիւններ կատարուած են՝ ծրագիրի գործունէութիւնը զարգացնելու նպատակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.