
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17ի կէսօրին, Ազգ. առաջնորդարան այցելեց հանրածանօթ ժողովրդային երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը եւ հիւրընկալուեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Յ. Փամպուքճեան առաջնորդարան եկած էր սրբազանը անձամբ հրաւիրելու իր հանգուցեալ կնոջ՝ Ռուզանայի, յուղարկաւորութեան։ Այս այցելութիւնը տեղի կ՛ունենար ի պատասխան ցաւակցական այն հաղորդակցութեան, զոր առաջնորդը ունեցած էր նախապէս։
Առաջնորդը անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեց արուեստագէտին, իր կնոջ կորուստին համար, «Հոգւոց» աղօթք արտասանեց անոր յիշատակին եւ մաղթեց, որ ան արժանի ըլլայ երկնային խաղաղութեան։
Այս այցելութեան առիթով, առաջնորդը նաեւ Յարութ Փամպուքճեանին յանձնեց Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակը, որ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան կը շնորհէր երգիչին, հայ երգի տարածման գործին մէջ անոր բերած նպաստին համար։ Կոնդակը շնորհուած էր Հոկտեմբեր 7, 2011ին, վեհափառին Արեւմտեան թեմ շնորհած հովուապետական այցելութեան առիթով, Դպրեվանքի 81ամեակի ճաշկերոյթին ընթացքին։
Յ. Փամպուքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ խնդրեց, որ իր երախտագիտութիւնը փոխանցէ վեհափառին։