
Այս օրերուն կ՛ապրինք դժնդակ ժամանակներ… Աշխարհի վրայ ամէնուրեք կը խօսուի ճգնաժամի մասին:
Շատ մը երկիրներու եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ մեր քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը օրնիբուն կ՛ապրին հալածանք՝ իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար: Ոմանք նոյնիսկ սպաննուեցան անողոք կերպով, ուրիշներ առեւանգուեցան եւ շատերն ալ տեղահան եղան ու կորսնցուցին ամէն բան…
Եւրոպայի եւ Ամերիկայի երկիրները կ՛անցնին տն-տեսական անստոյգ ճգնաժամէ մը եւ օրէ օր կ՛աւելնայ թիւը մարդոց, որոնք ծանրօրէն կը զգան անոր հետեւանքները իրենց ընտանիքներուն եւ միջավայրին մէջ:
Նոյնիսկ ամէնօրեայ փոխյարաբերութիւններուն մէջ մարդիկ՝ դրժելով ուրիշը՝ կը միտին մերժումի, անվստահութեան, յանդուգն դատողութեան եւ եսակեդրոն ըլլալու:
Սիրելիներս, Քրիստոսի Լոյսը այս Սուրբ Ծննդեան տօնին, մեզի՝ հաւատացեալներուս կը տրուի, որպէսզի անով առաջնորդուած ապրինք աշխարհի այս դժնդակ ժամանակները եւ քաջութեամբ դիմագրաւենք մեր դիմաց կուտակուող մարտահրաւէրները:
Պետրոս Առաքեալը մեզի կոչ կ՛ուղղէ «միշտ պատրաստ ըլլալու պատասխան տալու բոլոր անոնց, որոնք կը հարցնեն մեր Յոյսի խօսքին մասին» (Ա. Պետրոս 3, 15): Որպէս քրիստոնեաներ պարտականութիւնն ունինք յարատեւօրէն իրականացնելու մեր վկայի դերը: Ճիշտ այս է մեր առաքելութիւնը ներկայ ժամանակներուն մէջ: Որովհետեւ մեր յոյսը կը դնենք Աստուծոյ վրայ եւ ոչ թէ այս աշխարհի ուժերուն, տնտեսական իրավիճակին կամ քաղաքականութեան վրայ, կարողութիւնն ունինք նուիրուելու համբերութեամբ եւ առանց յուսալքուելու արդարութեան եւ խաղաղութեան համար:
Յիսուս, Քրիստոսը, իր խոնարհ, պարզ ու աղքատիկ ծնունդովը Բեթղեհէմի քարայրին մէջ, եկաւ կիսելու մարդկութեան կեանքը, ուր կը շաղախուին ուրախութիւն եւ տրտմութիւն, անձկութիւն եւ յոյս: Անոր ներկայութեան ապահովութիւնը մեր մէջ կը սնուցանէ եւ կ՛աճեցնէ յոյսը: Եւ, եթէ մեր յոյսը հիմնուած է «Աստուծոյ արքայութեան վրայ, որ կու գայ», Ան կը դառնայ անսպառ աղբիւր մը ուժականութեան, հնարամտութեան, խանդի եւ սիրոյ՝ դիմագրաւելու համար ապագայի մարտահրաւէրները:
Մաղթանքս է բոլորիդ, որ ապրիք խաղաղ եւ յուսալի Ծննդեան տօն մը եւ թող որ եկող նոր տարին լուսաւորուի Բեթղեհէմի քարայրի Մանուկի աստուածային յոյսով:
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս:
ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԹԵՄԻՆ
17 Դեկտեմբեր 2013