ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով, անցեալ Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական ընդունելութիւնը: Ներկայ էին Արեւմտեան շրջանի ՀՅԴ կեդրոնական յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, «Ասպարէզ» եւ «Հորիզոն» խմբագրութեանց անդամներ ու հիւրեր:
Ողջոյնի եւ բարեմաղթանքի խօսքերով ելոյթ ունեցան Սարօ Նազարեան, Վիգէն Եագուպեան, Վահան Յովհաննիսեան, Դալար Շահինեան-Մահրուքեան, Աբօ Պողիկեան եւ Վիգէն Յովսէփեան:
Ելոյթ ունեցողները գնահատեցին յանձնախումբերուն եւ պաշտօնէութեան աշխատանքն ու նուիրումը եւ մաղթեցին, որ գալիք տարին առաւել արդիւնաւէտ ըլլայ թէ՛ մեր համայնքին մէջ եւ թէ համազգային տարողութեամբ մշակուած ծրագիրներու կենսագործումով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.