ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ

ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէն եւ «Վռամեան» ակումբի մէջ գործող քոյր միութիւնները՝ ՀՕՄ, Համազգային, ՀՄԸՄ, Հայ Դատի յանձնախումբ, «Արմէնիա» Երիտասարդական միութիւն, Պատանեկան միութիւն եւ «Կոմիտաս» Ռատիօժամ, գաղութիս Մշակութային սրահին մէջ, ընկերներու, համակիրներու եւ բարեկամներու մասնակցութեամբ, տօնական օր մը ապրեցանք:
Տարուէ տարի աւելի կը շեշտուի նման հանդիսութիւններու մեր երիտասարդ եւ պատանի երկսեռ տղոց ու աղջիկներու զգալի ներկայութիւնը, աւելի՛ն, անոնք նախաձեռնողի պատրաստակամութեամբ մաս կը կազմեն ի գործ դրուող ծրագրին:
Իսկապէս հանգիստ եւ հպարտ կը զգանք, երբ ականատեսը կ՛ըլլանք, թէ ինչ ոգեւորութեամբ է, որ անոնք իրենց կարելին կ՛ընեն, որպէսզի ամէն ինչ սահուն անցնի:
Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերի ՀՅԴ 123ամեակի տօնակատարութիւնը նման մթնոլորտի մէջ էր, որ ընթացք առաւ:
Գեղարուեստական բաժինը սկսաւ, երբ ՀՄԸՄի դրօշակակիրները «Արիւնոտ դրօշ» երգի հնչիւններու եւ ներկաներու ջերմ ծափողջիւներու ներքեւ, ՀՀի եւ Դաշնակցութեան դրօշները հասցուցին բեմ, որմէ ետք օրուան խօսնակ Սթեֆանի Տէմիրճեան յայտարարեց պաշտօնական բացման արարողութիւնը «Մշակ բանուոր» քայլերգի ունկնդրութեամբ:
Առաջին առթիւ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Ֆետերիքօ Վաննէսքահեանը, որ ընդհանուր պատկեր մը տուաւ այս ամբողջ տարուան ընթացքին թէ՛ կոմիտէի եւ թէ Հայ Դատի յանձնախումբի իրագործած աշխատանքներուն եւ ձեռքբերումներուն մասին, չմոռնալով անդրադառնալ նաեւ Սուրիոյ աւերիչ պատերազմի հետեւանքով բոլոր հայութեան օժանդակութեան կարիքը ունեցող սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, օրինակներ տալով այստեղ՝ Հարաւային Ամերիկայի տարածքին, թէ՛ ՀՄԸՄի եւ թէ ՀՕՄի կառոյցներուն կողմէ կազմակերպուած հանգանակութիւններուն, ի նպ-աստ տագնապի մէջ գտնուող մեր Սուրիահայ գաղութին եւ այս առիթով ալ հրապարակային յայտարարութիւն մը կատարեց, յառաջիկայ Յունուար 8ին կազմակերպուելիք այն բարեսիրական ճաշկերոյթին, զոր նախաձեռնած են Հարաւայի Ամերիկայի եւ Ուրուկուէյի Հայ Դատի յանձնախումբերը, մեր երկիրի գլխաւոր ամարանոց Փունթա տել Էսթէի մէջ: Ֆետերիքօ Վաննէսքահան շեշտեց, թէ մեզի կը սպասէ 2014 տարին, որ մեծ մարտահրաւէրներու եւ գերագոյն ճիգի տարի մը պիտի հանդիսանայ, յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախատարին ըլլալով:
Օրուան պատգամաբերն էր, Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէիի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը, որ ի մասնաւորի Արժանթինէն եկած էր, ընկերակցութեամբ ԿԿի անդամ Միկէլ Ռագուպեանի:
Բանախօսը, իր կարգին, կարեւորելէ ետք մեր տարածքին մէջ աշխատող կուսակցութեան կառոյցներուն ուսերուն դրուած անժամանցելի պարտաւորութիւնները, յատկապէս թուրք-ազերի դիւանագիտութեան աշխուժացումը եւ «փեթրօտոլարներով» պետական կառոյցներէն ներս ներթափանցելու եւ իրենց երկիրներուն համար, հայկական հարցով համախոհներ գտնելու արշաւը կեդրոնացաւ Ուրուկուէյի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի տարածքին, Հայաստանէն դուրս, պետական որոշումով մը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի մը ստեղծումին, շեշտեց այդ կենսական եւ շատ կարեւոր աշխատանքին լծուելու, ոչ միայ Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութիւնը, այլեւ բոլոր ուրուկուէահայ գաղութի կառոյցներու համախմբումը, թանգարանի հիմնադրութեան համար կատարուելիք մեծ ճիգին, միասնական ծրագիր կազմելու անհրաժեշտութիւնը, հակառակ մեր թշնամիներուն կողմէ արդէն կատարուող քուլիսային աշխատանքին, խոչընդոտելու համար անոր կառուցումը:
Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Ուրուկուէյի հայոց թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլընճեանը, որ նախ շնորհաւորեց Դաշնակցութեան փառաւոր 123 տարիները, ապա ըսաւ.

«Այս կուսակցութիւնը իր վիթխարի մեծութեամբ, կը շարունակէ իր հայանպաստ եւ անշահախնդիր գործունէութիւնը ոչ միայն քաղաքական, այլեւ մշակութային, կրթական եւ մարզական գետնի վրայ», ապա շեշտեց՝ ըսելով. «Հետեւելով կուսակցութեան գործունէութեան, մենք կ՛ոջունենք անոր հիմնադրութիւնը, քանի որ անիկա միշտ եղաւ եւ կը շարունակէ ըլլալ հայ ժողովուրդին հետ, միշտ դէպի վեր, միշտ անվեհեր»: Սրբազանը յատկանշական կը գտնէ այն, թէ «ոչ միայն այսօր կը նշենք ՀՅԴի 123ամեակը, այլ նաեւ մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք բոլոր անոնց, որոնք անցան եւ ստեղծեցին կերպար մը հայ ժողովուրդին մէջ, որ կը կոչուի Դաշնակցականի կերպար, անսակարկ աշխատելու, իրենց անունները չփառաւորելու, այլ միայն զոհողութեամբ անմահանալու տիպար մը: Այս կուսակցութիւնը հայ ժողովուրդի դատին համար տուաւ հազարաւոր նահատակներ, նաեւ Արցախի մէջ ունեցաւ շատ թիւով նահատակներ, որոնց շատերու անունն անգամ չենք գիտեր, սակայն մենք միշտ գիտենք, որ անոնք, բոլոր նահատակ հերոսները, անմահացան Դաշնակցութեան կերպարին մէջ»:
Տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ ջերմ եւ ոգեւորիչ մթնոլորտի մէջ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Շիրազ» պարախումբը եւ «Երեւան-50» նուագախումբը: Տօնական պարահադէսը տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամերը: